Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ՀԵՄ. «Մեզ Լռեցնելը Անկարելի Է»

November 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իշխանութիւնը Բռնի Ուժ Կը Կիրարկէ Վարչապետ Փաշինեանի
Հրաժարականը Պահանջող Ընդդիմախօսներուն Նկատմամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբերին իրականացած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին բերման ենթարկուած խաղաղ ցուցարարներուն թիւը Երեւանի մէջ հասաւ 85-ի, իսկ Գիւմրիի մէջ` 8-ի: Այս մասին «Երկիր»-ին կը տեղեկացնեն Ոստիկանութեան լրատուութեան ծառայութենէն:

Յիշեցնենք, որ արդէն երկրորդ օրն է` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները Երեւանի տարբեր վարչական շրջաններուն մէջ կը փակեն փողոցները. ցոյցերուն ընթացքին տասնեակներով ցուցարարներ բերման ենթարկուած են: Երէկ նմանատիպ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Գիւմրիի մէջ:

Նշենք, որ բերման ենթարկուած շուրջ 85 անձերու կարգին են «Յենակէտ» վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Տիգրան Աբրահամեան, Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեան եւ քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան:

Երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2020-ին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ միութեան տասնեակ մը անդամներ տարբեր ժամերու Երեւանի տարբեր հատուածներէն բերման ենթարկուած են ոստիկանական բաժանմունքներ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք յայտարարում ենք, որ մեզ լռեցնելը անհնարին է:

Մենք արդէն կորցրել ենք մեզ համար ամենաթանկը` սուրբ հայրենիքի մի մասը, որի համար թափուել է նաեւ մեր միութեան ընկերների արիւնը: Դաւադիր իշխանութիւնների դէմ պայքարը շարունակւում է: Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ»:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կոչ ուղղած է ժողովուրդին, այսօր` 21 նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ներկայ գտնուելու Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի պիտի ունենայ 17  կուսակցութիւններու հրաւիրած հանրահաւաքը:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ երէկուան տուեալներով (20 նոյեմբեր 2020) ոստիկանութեան տարբեր բաժանմունքներու եւ մեկուսարաններու մէջ կը գտնուին կուսակցութեան շուրջ 3 տասնեակ անդամներ, որոնց կարգին են Արցախեան առաջին, Ապրիլեան քառօրեայ եւ Արցախեան վերջին պատերազմի մասնակից, նաեւ վիրաւորուած կամաւորներ, սփիւռքահայ երիտասարդներ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներ:

Անդրադառնալով ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան շարք մը անդամներու բերման ենթարկուելու դէպքին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Դիմատետրի իր էջին մէջ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ նշած է. «Քիչ առաջ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան մի շարք անդամներ Գերագոյն գլխաւոր խելագարի հրամանով Հանրապետութեան հրապարակից բերման ենթարկուեցին այն բանի համար, որ ցանկանում էին Հանրապետութեան հրապարակում բարձրացնել, ծածանել Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյնը:

Նիկո՛լ, մեր երիտասարդները մի՛շտ բարձր են պահել եւ բարձր են պահելու Հայոց Եռագոյնը: Իսկ դու այն կրկին անգամ նետեցիր գետնին: Պատասխան ես տալու. Հեռացի՛ր անցնցում», գրած է Սաղաթէլեան:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Մտան Աղտամ

Յաջորդը

Խմբագրական. Փրկութեան Կառավարութիւն` Գերիշխանութեան Համար (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.