Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կրնայ Զարգացումներ Արձանագրել

November 12, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր ունենան հանդիպում մը` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելի Լիբանան այցելութեան լոյսին տակ:

Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, Տիւրել «յստակ եւ ճշդուած» պատգամներ պիտի ուղղէ նախագահ Աունին` Լիբանանը իր  տագնապէն փրկելու նպատակով առաջարկուած ֆրանսական նախաձեռնութեան մասին:

Նշենք, որ Տիւրել հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի, նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ քաղաքական այն ուժերուն ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ Մաքրոն հանդիպումներ ունեցած էր:

Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կրնայ զարգացումներ արձանագրել, յատկապէս նկատի ունենալով ֆրանսացի պատուիրակին այցելութիւնը, որ դրական մղում կրնայ տալ այդ հոլովոյթին:

Նախագահական Պալատ. «Անթուան Հատտատի
Աշխատանքը Դադրած Է 9 Հոկտեմբեր 2020-ին»

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդատու Անթուան Հատտատի պարտականութիւնը աւարտած է 9 հոկտեմբեր 2020-ին, երբ անոր պաշտօնավարութեան պայմանագիրը ջնջուեցաւ եւ նախագահական պալատ անոր մուտքը արգիլուեցաւ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այդ օրուընէ սկսեալ Անթուան Հատտատ ոչ մէկ թղթածրար ունի իր մօտ:

Նշուեցաւ նաեւ, որ հարցազրոյցներու ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւնները, թէ իր մօտ կան նախագահական պալատի թղթածրարներ, անճիշդ են:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարին առումով Հատտատ հակասահմանադրական եւ հակաիրաւական հարցեր պահանջած է ու պնդած իր տեսակէտներուն վրայ, ինչ որ բախումներ յառաջացուցած է հանրապետութեան նախագահի ցուցմունքներուն հետ:

Նախորդը

Պըրրի-Ժոմպլաթ Հանդիպում

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Կոչ Ուղղեց Ստեղծելու Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ. «Այս Պահէն Սկսեալ Իշխանութիւնը Գոյութիւն Չունի»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.