Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անառիկ Արցախը Անկորնչելի. Աշխարհասփիւռ Հայութեան Զարթնելու Ղօղանջը Հնչած Է. Վե՛ր Կաց Ազգ Իմ Փառապանծ

November 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ:
Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ:
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Երբ 2020 թուականը թեւակոխեցինք, իւրաքանչիւր հայ անհատ իր երազը հիւսեց եւ ուզեց իր փափաքները իրականացած տեսնել: Արդեօք ի՛նչ կրնայ ըլլալ հայուն երազն ու փափաքը, եթէ ոչ իր հայրենի հողը առաւել ծաղկուն տեսնել, դէպի հայրենիք կոչին միայն լսողը չըլլալ, այլ քաջալերողն ու շէնցնողը դառնալ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհներուն: Վերջապէս պէտք է խոստովանիլ, որ հայուն յաւերժական բնօրրանը Հայաստա՛նն է` «Կանչում ես ինձ դարերից» պատգամին ականջալուր դառնալու եւ հայրենիքը հզօրացնելու տեսլականով:

Իբրեւ դրական քայլ, արդէն վերջին տարիներուն կը նկատուէր սփիւռքի հայութեան հոսքը դէպի հայրենիք, որովհետեւ սփիւռքահայութեան մօտ սկսած էր հիմնաւորուիլ այն համոզումը, որ հայապահպանումը, ինքնութեան, լեզուի, մշակոյթի պահպանումը միայն կարելի է դրսեւորել մեր սրբազան հողերուն վրայ, Արարատի շուքին տակ, Սեւանայ լիճին զուլալ ջուրերուն գիրկընդխառնումով, Հայաստանի պայծառ երկնակամարին տակ եւ 1700-ամեայ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունած մեր երկրի հաւատքի հզօր վէմին ուժականութեամբ:

Հազա՜ր ափսոս, որ համաշխարհային առումով «Քորոնա» համավարակի սրընթաց տարածումը, տնտեսական սուր տագնապը, միջին արեւելեան կարգ մը երկիրներու դրամանիշի արժեզրկումը իրենց ուղղակի եւ անուղղակի անդրադարձը ունեցան եւ մասամբ մը կասեցուցին սփիւռքահայութեան տենչերու իրագործումը:

Այս բոլորը իր կարգին: Սակայն այս տարի հայութեան սիրտը խոցուեցաւ Հայաստանէն եւ Արցախէն լսուող երկու տխրահռչակ լուրերով: Առաջին հերթին 12  յուլիս 2020-ին Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններն էին, որոնց զոհ գացին հայոց բանակի հինգ արի զինուորներ: Կարծէք ասիկա նախապատրաստութիւն էր կամ ալ ազդանշանը 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ սկսած պատերազմին, որուն ընթացքին, դժբախտաբար, հազարէ աւելի նահատակներ իրենց արիւնը միախառնեցին հայրենի հողին` հայուն պղտոր ապագան ապահով նաւահանգիստ հասցնելու եւ թիզ մը հող իսկ չզիջելու հաստատ վճռակամութեամբ:

Եթէ կ՛ուզենք այս պատերազմին նպատակը աւելի լայն պարունակի մէջ ընդգրկել եւ նաեւ դիտարկել Սուրիայէն վարձկան ահաբեկիչներու, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Փաքիստանի ներառումը, ապա պէտք է հաստատել, որ այս պատերազմը Կովկասի մէջ Թուրքիոյ փանթրքութեան եւ նաւթատարի նպատակասլաց քաղաքականութեան պայքար է, իսկ թատերաբեմը` Հայաստանն ու Արցախը:

Հասարակաց Եզրեր

1915 թուականին Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմին մէջ հարկ է տեսնել հասարակաց եզրեր.

Ա. 1914-ին աշխարհը տարբեր ուղղութեան վրայ կը գտնուէր, ինչպէս` Համաշխարհային Ա. պատերազմ, սով, համաճարակ, իսկ 2020-ին աշխարհը դարձեալ (իմա` մեծ պետութիւնները) աշխարհատիրական հարցերով զբաղած են, ինչպէս` «Քորոնա» համավարակը, որուն ծիրին մէջ կ՛իյնայ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ տնտեսական պատերազմը, տնտեսական համաշխարհային տագնապ, նախագահական ընտրութիւններ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս առումով, ինչպէս 1915-ին, ներկայիս ալ Թուրքիան առիթը պատեհ նկատեց Ազրպէյճանի քողին տակ իր ծրագիրի իրագործման սկսելու անտեսելով բոլոր միջամտութիւններն ու համաձայնեցուած ձեւական հրադադարները:

Բ. Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ այս իրաւասութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ անձեռնմխելի պետութիւն պատերազմ սանձազերծելու, իր ախորժակները սրելու Յունաստանի, Կիպրոսի մէջ քարիւղի հանքեր հորատելու գծով, Լիպիոյ մէջ իր ազդեցութեան գօտին ընդարձակելու, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ իր քաղաքական եւ զինուորական նկրտումներով, միւս կողմէ Կովկասի մէջ փանթրքութիւնը իրագործելու (այս մէկը փորձած էր կատարել նաեւ 1920-ին, սակայն Խորհրդային Միութեան հաստատումով պահ մը այս ծրագիրը ջրդեղուեցաւ):

Տարասփիւռ Հայութիւնը` Զօրավիգ

Հակառակ զարգացած պետութիւններու լռակեաց վիճակին, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած ստապատիր վկայութիւններուն, տարասփիւռ հայութիւնը` Եւրոպայէն Ամերիկա եւ Միջին Արեւելք իր բողոքի ցասումն ու զօրակցական կեցուածքը արտայայտեց զանազան միջոցառումներով: Այսպէս` նուիրահաւաք, մոմավառութիւն, աղօթք, օտար դեսպանատուներու ուղղուած բողոքի նամակ, Եւրոպայի երկիրները իրարու կապող գլխաւոր մայրուղիներու փակում, ինքնաբուխ կամաւորագրում` Արցախի իր արիւնակից հայորդիին կողքին պատերազմելու արիւնարբու թշնամիներու սադրանքներուն դէմ եւ անաղարտ պահելու հայրենի սուրբ հողը: Մէկ խօսքով, աշխարհասփիւռ հայութիւնը դարձաւ հայոց բանակ, ինչպէս յայտարարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս. «Բոլորս հայոց բանակն ենք: Հայոց բանակին ու Արցախի հզօրացման մասնակցութիւնը իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտաւորութիւնն է: Երբ հայրենիքը վտանգի ենթակայ է, ողջ հայութիւնը կը դառնայ հայոց բանակ»:

Արցախի Միջազգային Ճանաչում

Ահա հասած է պահը Արցախի միջազգային ճանաչման, որ անյետաձգելի հրամայական է, յատկապէս ներկայ ճգնաժամային փուլին` դիմադրելու եւ կանխարգիլելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ահազանգող եւ վտանգաւոր  համաթուրանական ծրագիրը: Արցախի հանրապետութեան շուտափոյթ ճանաչումը հրատապ եւ անմիջական կերպով պէտք է կատարուի ի շահ մեր երկրի բարօր եւ ապահով ապագային:

Աղօթասացութւին Եւ Հաւատքի Տոկունութիւն

Կարելի՞ է ընկրկիլ թշնամիին արձակած ամէնէն արհեստական զէնքերուն եւ ռումբերուն տարափին տակ: Ո՛չ երբեք: Պատմութեան մէջ հայը գոյատեւած է իր տոկուն հաւատքին, Աստուծոյ ապաւինելուն եւ աղօթքի հզօր ուժին վրայ: Եւ բնաւ մտահան պէտք չէ ընել, որ յաղթանակը մե՛րն է, եւ Աստուծոյ հրաշագործ ուժը մեզի ապաւէն է: Վկայ` միլիոնաւոր մեր աղօթող մայրերն ու երեխաները, որոնք անպատասխան պիտի չմնան: Հաւատքի մէջ գօտեպնդուելու համար կը մէջբերեմ Աստուածաշունչի այն դրուագը, երբ Ասորեստանի հզօր թագաւորը հպարտացաւ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ, մէկ գիշերուան մէջ Աստուծոյ հրեշտակը իջաւ եւ 185 հազար հոգի հաշուող թշնամի բանակը զարկաւ (Դ. Թագաւորաց 19:35): Այս դիտանկիւնէն չկայ աւելի խօսուն պատկեր, քան տեսնել հերոսական Արցախի քաջարի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանը, որ կ՛աղօթէ հայրենիքի անսասանութեան եւ հայոց բանակի անվեհեր կամքին յարատեւման համար:

Երբ Արցախի պատերազմին յաղթանակի փողը հնչէ, բոլորս պիտի յայտարարենք, որ Աստուած մեր ապաւէնն է, իսկ հայրենի հողը օրհնեալ ու սուրբ հող է:

 

 

Նախորդը

Մամիկն Ու Պապիկը` Յաղթական

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Եւ Իսի Լա Մուլինօ Քաղաքի Փոխքաղաքապետը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.