Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Երկար Տեւեց, Բայց… Պիտի Յաղթենք

October 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այո՛, այդպէս է:

Այս պատերազմը երկարեցաւ, կրնայ տակաւին երկա՜ր տեւել, բայց աւարտին պիտի յաղթենք:

Սուրբ հողին բանալիները յանձնելու` «Անին ծախուեցաւ»-ին կրկնութիւնը պիտի չկատարուի:

Պատերազմին տեւողութիւնը կանխատեսելի չէ: Ազրպէյճանի բռնապետ Ալիեւը առաջին օրն իսկ` սեպտեմբեր 27-ին, յոխորտանքով եւ մեծամտութեամբ յայտնած էր, որ «քանի մը օրէն» իր «հերոս» բանակայինները նախաճաշը Ստեփանակերտի մէջ պիտի ընեն, սակայն «տան հաշիւը» ռազմաճակատին վրայ սխալ դուրս եկաւ:

Գրեթէ ամիս մը անցած է այդ օրէն ետք, եւ Ստեփանակերտի մէջ թէ արցախեան այլ օճախներուն` նախաճաշը կը սպասարկուի տեղւոյն հայ զինուորին ու ապաստաններու մէջ բնակութիւն հաստատած բնակիչներուն:

Եթէ վայրկեան մը բաղդատենք բռնատէր Ալիեւի նախաճաշի զեխ սեղանը, շրջապատուած` համարատու եւ հլու կամակատար սպասեակներով, զինուորական տարազով զգեստաւորուած Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գաւաթ մը սուրճին հետ, հայոց բանակին խումբ մը քաջ արիներու կողքին… Որքա՜ն տարբերութիւն:

Ազրպէյճանի զօրասիւնները ո՛չ միայն հարուած ստացան եւ չկրցան յառաջանալ, այլ բազմիցս ստիպուեցան նահանջել:

Այսօր իրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ եթէ «Ամէն ճամբայ Հռոմ» կը տանի, այդ ճամբան ո՛չ Ստեփանակերտէն կ՛անցնի, ո՛չ ալ Ստեփանակերտ կը տանի: Ստեփանակերտը մինակ չէ, այլ ամէն մէկ ափ հող, ըլլայ այդ մէկը բարձունք, թէ ձոր կամ հարթ հաւասար շաւիղ, փակ է ու փակ պիտի մնայ ազերիին առջեւ:

Թշնամին, անօդաչու սաւառնակներու կողքին, գործի լծած է նաեւ ինքնագործ հրասայլեր… Բացայայտ է, որ անոր տրամադրութեան տակ եղող հրասայլերուն եւ անձնակազմին մէկ մեծ մասը զոհը դարձած է արցախցիի հրետանիին…

Ալիեւի բանակը այնքան զինուոր եւ վարձկան ոճրագործ կորսնցուցած է, որ հաւանաբար ան միլիոններ պատրաստ է մսխելու համակարգչային ընկերութիւններու հետ, անշունչ ելեկտրոնային վարձկաններ` ռոպոթներ պատրաստելու համար, սակայն հոս ալ արդիւնքը պիտի մնայ անփոփոխ:

Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ պատրաստել: Հողին կառչած եւ յանուն հայրենի հողին համար պայքարող, նահատակուող զինուոր կարելի չէ «շինել», ո՛չ փայտէ, ո՛չ պողպատէ, ո՛չ ալ յախճապակիէ: ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐը կը թրծուի յատուկ դաստիարակութեամբ, հիւլէով եւ աւիշով:

Հայ զինուորին, կամաւորին բարձրացուցած դրօշը, անոնց արիւնով նոր սրբագործումի արժանացած մեր դրօշը գետին պիտի չձգուի պայքարող յետնորդներուն կողմէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրիս մէջ կայ ու պիտի ապրի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող եւ դեռ անկէ առաջ ալ դիմացած ու գոյատեւած արիներու կամքն ու ոգին:

Պինդ ու յամառ դրօշակիրներն ենք` ճակատներուն վրայ թէ թիկունքին:

Նախորդը

Էրտողանի Աստղահոյլին Մէջ Ոչ Թէ Հոգեբուժները Մէկով Աւելցած Են, Այլ` Հիւանդները

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյցեր

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.