Ֆրանսա Տուն Կը Կանչէ Թուրքիոյ Մէջ Իր Դեսպանը
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վիրաւորած է ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Էրտողան Մաքրոնին խորհուրդ տուած է հոգեբոյժի մօտ երթալ:
«Մաքրոն ի՞նչ խնդիր ունի իսլամութեան ու իսլամներուն հետ: Եթէ պետութեան ղեկավարը այդպէս կը վերաբերի իր երկրին մէջ գտնուող միլիոնաւոր իսլամներուն, ուրեմն ան գիտակցութեան վերահսկողութեան կորուստ ունի: Ան հոգեբոյժի մօտ երթալու կարիք ունի», ըսած է Էրտողան` խօսք արտասանելով Կեսարիա քաղաքին մէջ:
Մաքրոն նախապէս խօսք արտասանած էր Ֆրանսայի մէջ անջատողականութեան դէմ պայքարի նիւթով` յայտնելով, որ համապատասխան օրինագիծը, որ ուղղուած է հանրապետական արժէքներու ամրապնդման, պիտի ներկայացուի 9 դեկտեմբերին: Ֆրանսայի իշխանութիւնը իսլամական անջատողականութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ կ՛ուզէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել երեխաներու ուսուցման: Մաքրոն խօսած էր նաեւ Ֆրանսայի իսլամներու խորհուրդին հետ միացեալ կազմակերպութիւն ստեղծելու անհրաժշետութեան մասին` նշելով, որ ատիկա կ՛արտօնէ երկրին մէջ «լուսաւորեալ իսլամութիւն» կառուցել: Անոր համաձայն, Ֆրանսայի մէջ պէտք է իսլամութիւնը ազատել օտարերկրեայ ազդեցութենէն եւ ուժեղացնել մզկիթներու ելեւմտական վերահսկողութիւնը:
Էլիզէի պալատը դատապարտեց Էրտողանի` Մաքրոնի հասցէին «անընդունելի» յայտարարութիւնը: Ֆրանսան տուն կանչեց Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանը:
«Նախագահ Էրտողանի խօսքերը անընդունելի են: Անզուսպ դրսեւորումն ու կոպտութիւնը եղանակ չեն: Կը պահանջենք, որ Էրտողան փոխէ իր քաղաքականութեան ուղղութիւնը, որովհետեւ ատիկա վտանգաւոր է ամէն առումներով», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահի անձնակազմի ներկայացուցիչը:
Պաշտօնատարին համաձայն, Ֆրանսայի դեսպանը Թուրքիայէն տուն պիտի կանչուի եւ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Մաքրոնի հետ` քննարկելու համար իրավիճակը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւններու վիրաւորանքը Մաքրոնի հասցէին եւ իր երկրին դէմ զրպարտիչ քարոզչութիւնը:
«Վերջին օրերուն Քոնֆլան-Սենթ-Օնորիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք թրքական իշխանութիւններուն կողմէ դատապարտման կամ համերաշխութեան որեւէ պաշտօնական նշանի բացակայութենէն բացի, աւելցաւ Ֆրանսայի դէմ ուղղուած ատելութեան եւ զրպարտութեան քարոզը, որ ցոյց կու տար ատելութիւն սերմանելու ցանկութիւն, ինչպէս նաեւ ուղղակի վիրաւորանքներ հանրապետութեան նախագահի հասցէին` արտայայտուած թրքական պետութեան բարձրագոյն մակարդակին վրայ», ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց.«Ֆրանսայի նախագահի հասցէին Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւնները անընդունելի են: Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք այդ վտանգաւոր առճակատման շղթան դադրեցնելու»:
Ան նաեւ գրած է, որ Եւրոպական խորհուրդի եզրակացութիւնները իրական առաջարկ կը պարունակեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար, սակայն այդ դրական օրակարգին համար պէտք է թրքական իշխանութիւններու քաղաքական կամքը:
«Հակառակ պարագային Թուրքիան աւելի մեկուսացած պիտի ըլլայ», եզրափակած է Պորել:



