Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Մտաւորական Մը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

October 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ցեղասպանութեան հակառակորդներու միութեան»  նախագահ Ալի Էրթեմ, որ ազգութեամբ թուրք է եւ ներկայիս կը բնակի Գերմանիա, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման լոյսին տակ Շթութկարթի մէջ մասնակցած է հայ համայնքին կազմակերպած ցոյցին, որուն ընթացքին հանդէս եկած է հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու եւ Արցախի հանրապետութիւնը ճանչնալու կոչերով:

Թուրք մտաւորականը այս մասին գրած է իր դիմատետրեան էջին վրայ:

Էրթեմ նշած է, որ Ազրպէյճան լայնածաւալ յարձակումի սկսած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ` իր նպատակին հասնելու համար օգտագործելով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ հաւաքուած ժիհատական ահաբեկչական խումբերու վարձկանները:

Անոր համաձայն, յարձակումին նպատակը Արցախի ժողովուրդը ազատութենէն զրկելն է, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ջնջումը:

Թուրք մտաւորականը նաեւ խօսած է թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ խաղաղ բնակավայրերու վրայ յարձակումներուն մասին` ընդգծելով, որ ատիկա կը հակասէ Ժընեւի ուխտին եւ Մարդու իրաւունքներու ուխտի արժեչափերուն:

Ան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, միջազգային ընտանիքին, աշխարհի կառավարութիւններուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է` ջանքեր գործադրելու Արցախի եւ Հայաստանի վրայ զինեալ յարձակումը անմիջապէս կանգնեցնելու ուղղութեամբ:

«Այս յարձակումին դէմ վճռական դիրքորոշում ցուցաբերելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերահաստատելու համար ազդեցիկ պիտի ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: Այդ պատճառով աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը` յանուն Արցախի քաղաքացիներու կեանքին եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքի երաշխաւորման», ըսած է մտաւորականը:

Բացի ատկէ, ցոյցին մասնակիցները Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութենէն պահանջած են դադրեցնել Թուրքիոյ` զէնքի վաճառքը:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Պատրաստ Է Միանալու «Բռնագրաւուած» Խրիմի Ապաշրջափակման Հարթակին

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Թեկնածու Պայտըն Կը Խոստանայ Կանխարգիլել Թուրքիոյ Եւ Վարձկաններու Միջամտութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.