Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաջորդ Նիստը Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Որոշելով` Ջրային Սահմանագիծին Շուրջ Բանակցութիւններու Առաջին Նիստը Գումարուեցաւ

October 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուլիսային երկար եւ բազմակողմ դասաւորումներէ ետք, երէկ` չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, ՄԱԿ-ի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ջրային սահմանագիծին շուրջ բանակցութիւններու առաջին նիստը, ամերիկեան միջամտութեամբ, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն: Յետ խորհրդակցութեանց, յաջորդ նիստի թուական որոշուեցաւ հոկտեմբերի վերջը: Իսրայէլի հետ անուղղակի այս բանակցութեանց ընթացքին ուշագրաւ էր լիբանանեան պատուիրակութեան նախանձախնդրութիւնը ` խուսափելու թշնամի պատուիրակութեան կազմին հետ ուղղակի հաղորդակցութենէ: Փաստօրէն, լիբանանեան պատուիրակութիւնը մերժեց մասնակցիլ  յիշատակի նկարին, ինչ որ առաւել եւս կը հաստատէ նիստին անհրաժեշտ կարիքի բերումով գումարուելու զուտ բանակցային բնոյթը, հեռու` յարաբերութեանց բնականոնացման տրամադրութիւններէ:

Նիստի աւարտին լիբանանեան պատուիրակութեան  նախագահ զօրավար Պասսամ Եասին այցելեց Պաապտայի պալատ եւ նախագահ զօր. Միշել Աունին ներկայացուց նիստին մթնոլորտն ու արդիւնքը: Ան յայտնեց,  որ «այսօրուան այս նիստը հազար մղոնի առաջին քայլն է»: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փորձագէտ զինուորականներ Մազեն Պասպուս, Ուիսամ Շպաթ եւ Նեժիպ Մասիհի:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դրական որակեց Նաքուրայի բանակցութիւնները: Ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր, որ յատուկ այս առիթով Լիբանան եկած էր կարճատեւ այցելութեամբ: Շինքըր վաղը` ուրբաթ, 15 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Պաապտայի պալատ` խորհրդակցութիւններ ունենալու  նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Նախորդը

«Պէտք Է Ձգտիլ Ամրակայելու Այն Բոլոր Գործօնները, Որոնք Պիտի Երաշխաւորեն Արցախի Անվտանգութիւնն Ու Պետականութիւնը»

Յաջորդը

Առիթ Տալու Համար Յաւելեալ Քննարկումներու Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.