Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Հրատը Կը Մօտենայ Երկրագունդին

October 12, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երկրագունդէն դիտուած, մեզմէ ամէնէն փայլուն թուող մոլորակը արուսեակն է: Անոր կը յաջորդէ մեր արեւային դրութեան մեծագոյն մոլորակը, Լուսնթագ: Սակայն 6 հոկտեմբերի գիշերը Հրատ մոլորակն է, որ այդ երկրորդ կարգը խլեց Լուսնթագէն` դառնալով Արուսեակի կողքին երկրորդ ամէնէն փայլուն մոլորակը: Անիկա այնքան փայլուն էր, որ կարգ մը շրջաններէ կարելի էր զայն տեսնել պարզ աչքով:

Ահա 15 տարիներէ ի վեր Հրատը այսքան չէր մօտեցած մեր մոլորակին: Այս ձեւով, 6 հոկտեմբերին անիկա կը գտնուէր երկրագունդէն «միայն 62,5 միլիոն քմ հեռաւորութեան վրայ: Երեքշաբթի գիշեր, երկինքին մէջ ամէնէն փայլուն երեք մարմինները լուսինը, արուսեակը եւ Հրատն էին: Այս երեւոյթը կը բացատրուի «հակադրութիւն» կոչուած ուրիշ երեւոյթով մը, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն 26 ամիսը անգամ մը: Հրատ մոլորակի այս «հակադրութեան» շրջանը սկսաւ սեպտեմբերի վերջաւորութեան եւ անիկա պիտի ամբողջանայ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին: Այս հակադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ Հրատ մոլորակը կը գտնուի մէկ գիծի վրայ` երկրագունդին եւ արեւուն հետ:

Հրատին եւ երկրագունդին միջեւ հեռաւորութիւնը կը տարուբերի 56 միլիոն քմ-էն 400 միլիոն քմ, երբ Հրատն ու երկրագունդը կը գտնուին արեւուն հակառակ կողմերը, նոյն գիծին վրայ: Սակայն նոյնիսկ երբ Հրատը երկրագունդին ամէնէն մօտը կ՛ըլլայ, այսինքն` 56 միլիոն քմ հեռու, այս հեռաւորութիւնը հաւասար է երկրագունդէն լուսին հեռաւորութեան 140 անգամին:

***

Հակառակ անոր որ այս տարի ամբողջ աշխարհը մտազբաղ էր եւ իր աշխատանքները կեդրոնացուցած «Քովիտ-19» ժահրին դէմ պայքարելուն վրայ, անցեալ ամիսները հարուստ եղան Հրատի նուաճումի աշխատանքներով: Այս ձեւով, 30 յուլիս 2020-ին ՆԱՍԱ-ն դէպի Հրատ ուղարկեց «Մարս 2020» պատգամաւորութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր «Փըրսը վերընս» կոչուած «Ռովըր» անջրպետամեքենայ մը: Ան օժտուած էր տարբեր գործիքներով, 23 տեսախցիկներով (քամերա), լէյզըրներով, երկու «ականջներով» եւ այլն` փնտռելու համար հին եւ փոքր կեանքի հետքեր կարմիր մոլորակին վրայ: Անոր գլխաւոր նպատակն է հասկնալ Հրատի մակերեսին երկրաբանական եւ քիմիական բաղադրութիւնները եւ վերադարձին հետը բերել մոլորակի հողէն նմուշներ: Այս անջրպետամեքենան պիտի իջնէ Հրատի Ժեզերօ հրաբերանին մէջ` 18 փետրուար 2021-ի թուականին շուրջ:

«Մարս 2020»-ի կողքին ամրան ընթացքին ուրիշ երկու նման պատգամաւորութիւններ ղրկուեցան Հրատ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ղրկեցին «Հոփ» պատգամաւորութիւնը` ուսումնասիրելու համար Հրատի մթնոլորտն ու կլիման, մինչ Չինաստան ուղարկեց «Թիանուեն-1» պատգամաւորութիւնը, որուն պաշտօնը նոյնպէս Ժեզերօ հրաբերանին մէջ կեանքի հետքեր փնտռելն է:

Պէտք է յիշեցնել, թէ Հրատի վրայ կեանքի պայմանները շատ դժուար են: Հոն մթնոլորտը  կազմուած է 95,32 առ հարիւր քարպոն տայոքսայտով, իսկ թթուածին շատ քիչ քանակով գոյութիւն ունի (0,13 առ հարիւր):

Հրատի վրայ միջին ջերմաստիճանը -53 աստիճան է. սակայն օրուան եւ գիշերուան միջեւ անիկա կրնայ մեծ տարբերութիւններ արձանագրել` հասնելով 50 աստիճանի: Սակայն Հրատը միշտ այս սառած աշխարհը չէր: Սկզբնական շրջանին` չորս միլիառ տարիներ առաջ, անիկա հաւանաբար ունեցած է երկրագունդի մթնոլորտին նմանող մթնոլորտ մը, կազմուած` թեթեւ կազերէ (հիլիոմ եւ հայտրոճին): Սակայն որովհետեւ անոր քաշողական ուժը շատ թեթեւ է, ան չէ կրցած այդ կազերը պահել իր մթնոլորտին մէջ, հետեւաբար անոնք սփռուած են անջրպետին մէջ: Իր կազմուելէն հազիւ մէկ միլիառ տարի ետք, Հրատի այս սկզբնական մթնոլորտէն գրեթէ ոչինչ մնացած էր:

Սակայն հակառակ ասոր, գիտնականները կը յուսան, որ լիճերու դրութիւն մը տակաւին կրնայ գոյութիւն ունենալ, մխրճուած` հողին մէջ, միլիոնաւոր, նոյնիսկ միլիառաւոր տարիներէ ի վեր: Ճիշդ է, որ այս ստորերկրեայ լիճերուն հասնիլը շատ դժուար կրնայ ըլլալ, սակայն անոնք ամէնէն յարմար տեղն են Հրատի վրայ փնտռելու կեանքի գոյութեան հետքեր: Վերջապէս չմոռնանք, որ երկրագունդին վրայ կեանքը սկիզբը յայտնուած է ջուրին մէջ:

 

Հրատի Մասին

Որովհետեւ Հրատ մոլորակը կարմիր փոշիով ծածկուած է, անիկա կոչուած է նաեւ կարմիր մոլորակ:

Հրատ մոլորակին վրայ տարին կը տեւէ երկու անգամ աւելի երկար, քան երկրագունդին վրայ:

Երկրագունդէն մինչեւ Հրատ հասնելու համար անջրպետանաւ մը կը կատարէ 6-11 ամսուան ճամբորդութիւն:

Գիտէի՞ր, թէ Հրատ մոլորակը ունի երկու փոքրիկ լուսիններ:

Հրատ մոլորակին վրայ կրնաս երեք անգամ աւելի բարձր ցատկել, քան երկրագունդին վրայ:

Հրատի վրայ կը գտնուի 25 քմ բարձրութիւն ունեցող Օլիմփուս Մոնս հրաբուխը: Ան Էվերեսթէն 2,5 անգամ աւելի բարձր է: Այս ձեւով, ան կը նկատուի մեր ամբողջ արեգակնային համակարգին ամէնէն բարձր լեռը:

Ժամանց
1) Օգոստոսին պատկերը վերակազմելու համար կրնա՞ս գտնել, թէ իւրաքանչիւր կտոր ո՛ր թիւը պէտք է կրէ:
2) Լենան կ՛ուզէ հիւանդանոցը գտնուող իր ընկերուհիին գրադարանէն քանի մը գիրքեր տանիլ: Վերը նշուած բացատրութիւններուն հետեւելով (կենալ, մէկ ուղղութիւն, մուտքը արգիլուած, հիւանդանոց եւ գրադարան)` գտի՛ր գրադարանին եւ հիւանդանոցին տեղերը, ապա փորձէ՛ գտնել Լենային հետեւելիք ճամբան, գրադարանին ամէնէն մօտը գտնուող կառատունէն մինչեւ հիւանդանոցին ամէնէն մօտը գտնուող կառատունը: «Կենալ» – կամ «մուտքը արգիլուած» նշանները կը նշանակեն, թէ չես կրնար անցնիլ այդ ճամբաներէն:
3) Տակաւին մեղմ օդէն օգտուելով` Րաֆֆիին ընտանիքը ուզեց վերջին բանակում մը ընել բնութեան մէջ: Սակայն դժբախտաբար անոնք շատ արագ ստիպուեցան կազմակերպուիլ, այդ պատճառով ալ ուշադրութեամբ չկրցան պատրաստել իրենց պայուսակները: Կրնա՞ս գտնել այն տասնչորս առարկաները, որոնց անոնք պէտք պիտի չունենային իրենց բանակումին ընթացքին:
4) Վերջին օր մը ծովափին: Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր տուփիկին տեղը մեծ տախտակին մէջ: Ուշադրութիւ՛ն, անոնց ուղղութիւնը կրնայ տարբեր ըլլալ պատկերին մէջ:

 

 

Նախորդը

Նշմար. Այո՛ Ճանաչումին, Բայց Նաեւ Կ(Ո)տրել Ոճրագործին Ձեռքը…

Յաջորդը

Հարաւային Ամերիկա. Համայնքային Զօրաշարժեր, Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Եւ Յարակից Զարգացումներ` Արցախի Դէմ Ազրպէյճանաթրքական Պատերազմի Ծիրին Մէջ

RelatedPosts

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

September 26, 2026
500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.