Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութիւնը` Արցախի Հետ

October 7, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2020-էն մինչեւ օրս Արցախը նոր սպառնալիքի դէմ յանդիման կանգնած է, որովհետեւ ազրպէյճանական բանակը` խախտելով զինադադարի ամէն համաձայնութիւն եւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամին պատճառով զինեալ գործողութիւններէ խուսափելի ամէն տեսակի միջազգային կոչ, դիմեց յարձակումներու` արցախեան-ազրպէյճանական ռազմագօտիին մէջ: Այս յարձակումներուն հիմնական նպատակն է կազմել մէկ ընդհանուր պետութիւն` Թուրքիայէն մինչեւ Ազրպէյճան, սակայն աշխարհագրական գետնի վրայ Հայաստան արգելք կը հանդիսանայ անոնց` իրագործելու իրենց նպատակը:

Թուրքիան, որ ժառանգորդն է 1915-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած Օսմանեան կայսրութեան, այսօր` ազրպէյճանական ռազմական յարձակման ուղղակի թիկունք կանգնելով, կը վերահաստատէ, որ 105 տարիներ ետք տակաւին ցեղասպանութեան վտանգները կրնան առկայ ըլլալ: Այսօր Արցախի բնակչութիւնը կանգնած է նման վտանգներու դէմ յանդիման` տեղահանութիւն, սպանութիւն եւ բռնարարքներ:

Բայց եւ այնպէս այսօր պատկերը տարբեր է, 105 տարի առաջ հայութիւնը չունէր այն բանակը, զոր այսօր ունին հայկական զոյգ հանրապետութիւնները` Հայաստանն ու Արցախը: 10 օրերէ ի վեր ազրպէյճանական կողմին սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն դիմաց թումբ կանգնած են հայկական զինուած ուժերը, որոնք մինչեւ օրս ցուցաբերեցին խիզախութիւն, մարտունակութիւն եւ բարձր կորով` ընդդէմ թշնամիին վայրագութեան: Այսօր «Ազգ-բանակ» կարգախօսը արդէն դարձած է շօշափելի իրականութիւն: Միասնական հայութիւնը կողքին է Արցախին, արցախցիին եւ իւրաքանչիւր զինուորի. ոմանք ուղղուեցան պատերազմի դաշտ, ուրիշներ իրենց տարբեր ծառայութիւններով բանակին կողքին կը կանգնին, իսկ համայն աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը իր բողոքի ցոյցերով, ազրպէյճանական-թրքական նկրտումները լուսարձակի տակ առնելու տարաբնոյթ աշխատանքով, ընկերային ցանցերու մէջ լուսաբանութիւններ տալու եւ այս հարցը լուսարձակի տակ բերելու արշաւով դարձած է Հայաստանի եւ Արցախի զինուած ուժերու ամուր ողնասիւնը:

Թշնամիի յարձակման առաջին օրէն մինչեւ հիմա անոր ունեցած մարդկային ու նիւթական կորուստները կու գան փաստելու, որ ան բաւական մեծ ներուժ ի գործ դրած է գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն, որ հայկական զինուած ուժերը ատակ են հարկ եղած դիմադրողականութիւնը ցուցաբերելու եւ ուժգին հարուած հասցնելու` կասեցնելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ծրագիրները: Բայց այս բոլորին կողքին կայ նաեւ այն, որ երբ Թուրքիա Ազրպէյճանին իր աջակցութիւնը յայտարարեց` միջազգայնօրէն հարցականի տակ դրուեցաւ նաեւ Թուրքիան ի՛նք: Այս բոլորը կը նշանակեն, թէ Արցախի յաղթանակի  պարագային, անոր անկախութիւնը միջազգայնօրէն պիտի ճանչցուի, եւ հայութիւնը միասնակամ շարքերով անպայման պիտի յաղթէ:

ՀՅԴ-ԼԵՄ-Ի «ՌԱԶՄԻԿ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

Արցախի Եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան Մասնակցելու Կոչ

Յաջորդը

Բոլո՛րս Հաւաքուինք Արցախի Համար

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.