Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները

October 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Նիկերի մնայուն ներկայացուցիչ Ապտու Ապարին, որ այժմ կը նախագահէ Ապահովութեան խորհուրդին:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կ՛աջակցին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու, լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ անյապաղ բանակցութիւններու վերադառնալու վերաբերեալ հակամարտող կողմերուն ուղղուած կոչը», յայտնած է Ապարի:

Ան չէ բացառած հակամարտող կողմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ հանդիպման կայացումը:

«Եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ, մենք պիտի զրուցենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպաններուն հետ, որպէսզի անոնք կարենան փոխըմբռնումի հասնիլ», նշած է ան:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Արցախի հարցով հրաւիրած դռնփակ հանդիպումին մասնակցած են խորհուրդի անդամ 15 պետութիւնները:

Աւելի ուշ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիի շփման գիծի երկայնքին լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու մասին հաղորդումներուն առնչութեամբ: Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն ուժի գործադրումն ու ափսոսանք կը յայտնեն մարդկային զոհերու եւ քաղաքային բնակչութեան մօտ զոհերու նկատմամբ:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները աջակցած են ընդհանուր քարտուղարի` կողմերուն ուղղուած կոչին` անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, նուազեցնելու լարուածութիւնն ու անմիջապէս վերադառնալու կառուցողական բանակցութիւններու:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները յայտարարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու կեդրոնական դերակատարութեան լիակատար աջակցութեան մասին ու կողմերուն կոչ ուղղած են համագործակցելու անոնց հետ` առանց նախապայմաններու երկխօսութեան շուտափոյթ վերսկսման համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռուհանի. «Պէտք Է Բոլորս Ջանանք Շրջանային Խնդիրները Լուծել Քաղաքական Ճամբով` Միջազգային Օրէնքի Եւ Հողերու Ամբողջականութեան Հիմամբ»

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը` Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսելու Մասին. «Ռուսիան Այսօր Պէտք Է Խօսի Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.