Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետեւանքներու Դարմանումի Ծիրին Մէջ. Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հրաւէրով` Ներկայացում Ցարդ Որդեգրուած Միջոցառումներու Գործընթացին

September 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոսի ահաւոր պայթումի հետեւանքներու դարմանումի քայլերուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով ընդլայնուած հանդիպում մը կայացաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ պետական, զինուորական, ընկերային, տեղական թէ միջազգային կազմակերպութեանց եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու:

Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ հանդիպումի նպատակին եւ արծարծուելիք հարցերուն (քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի խօսքը կու տանք առանձին):

Ապա յաջորդաբար խօսք առին «Արտակարգ շտապ օգնութեան գրասենեակ-»ի նախագահ, հազարապետ-զօրավար Սամի Հուայեք, ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգումի գրասենեակի (ՕՉԱ) տնօրէն Սեվերին Ռէյ, Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ Թանիա Քրիսթենսընի ներկայացուցիչ Մոհամետ Մքալլետ, Գաղթականներու նորվեկիական խորհուրդի (Էն.Ար.Սի.) շրջանային տնօրէն Քարլօ Կերարտիի ներկայացուցիչ Մահա Այուպի եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարի (Եու.Էն.Հեպիթեթ) ներկայացուցիչ Ուաէլ Սըննօ:

«Միասնաբար կերտենք մեր մայրաքաղաքը» նշանախօսքով, զօրավար Սամի Հուայեք անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած շրջաններու (ներառեալ` Պուրճ Համուտը) մէջ գործող ոչ կառավարական միութիւններու եւ կազմակերպութեանց նախաձեռնած փրկութեան, դարմանումի թէ օժանդակութեան ճիգերու համակարգումի գործընթացին: Հուայեք հանգամանօրէն թուեց այն հանգրուանային քայլերը, որոնց պէտք է դիմեն նշեալ միութիւնները` օրինական եւ հեզասահ կերպով գործելու համար: Ան նշեց այն պետական պաշտօնական հաստատագիրները, զորս նշեալ միութիւնները պարտին ներկայացնել «Արտակարգ շտապ օգնութեան գրասենեակ»-ին`  համապատասխան արտօնութիւն ստանալու եւ գրանցուելու համար: Զօրավար Սամի Հուայեք նաեւ շեշտեց որդեգրուող փրկարար ճիգերու ընդհանուր համակարգումի փութացումը, յատկապէս նկատի ունենալով կարգ մը մարտահրաւէրներ, որոնց առաջնակարգ դիրքի վրայ են` մօտալուտ ձմեռնային եղանակն ու անոր հետեւելիք հեղեղներու եւ փլուզումի ենթակայ շէնքերուն սպառնացող վտանգը: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար զօրավար Հուայեք թելադրեց հեռաձայնել գրասենեակի թէժ գիծերուն (01/987001 ուաց-ափ + 01/990055 + 01/987002) եւ կամ հետեւիլ  շտապ օգնութեան նշեալ գրասենեակի կայքին` www.BeirutFER.com:

Ապա խօսք առաւ Սեվերին Ռէյ, որ անգլերէնով (եւ անմիջական արաբերէն թարգմանութեամբ) իր ցաւակցութիւնները յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն համար եւ ապա թուեց ցարդ ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմինին կողմէ մատուցուած սննդեղէնի, ջրաբաշխումի, առողջապահական, ապաստանարանի, նիւթական եւ առնչակից օժանդակութեանց թուական պատկերը եւ այս գծով յատկացուած պիւտճէն: Ռէյ ապաստարանի թէ բնակարանային վերաշինութեան աշխատանքները դասաւորեց երեք խումբերու` նուազ, միջին եւ ծանր վնասներ կրած շէնքեր ըսելով: Ան նաեւ շեշտեց նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին պատճառով հոգեպէս ազդուած ու վնասուած քաղաքացիներու եւ մանուկներու առողջական վիճակի դարմանումի անհրաժեշտութիւնը, որ առաջնակարգ կարեւորութեամբ հետապնդուած էր իր ներկայացուցած ՄԱԿ-ի պատկան մարմինին կողմէ: Նոյն ծիրին մէջ, Ռէյ յայտնեց, թէ յառաջիկայ հոկտեմբերի կէսերուն կ՛աւարտի վնասուած դպրոցներու իրավիճակի գնահատումն ու որդեգրուելիք համապատասխան քայլերու  ծրագիրը:

Իսկ Մոհամետ Մքալլետ եւ Մահա Այուպի մէջընդմէջ ներկայացուցին արձանագրուած աւերներու ընդհանուր պատկերն ու այս ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի կրած վնասներու  համեմատութիւնը: Այս իմաստով վնասուած ընդհանուր 82 հազար շէնքերէն 19 հազարը կը գտնուին Պուրճ Համուտի մէջ: Նմանապէս` 247 հազար վնասուած անձերէն 56 հազարը կը բնակին Պուրճ Համուտի մէջ: Մքալլետ յայտնեց, որ կամաւոր աշխատողներու 7000-էն 600-ը լծուած էր Պուրճ Համուտի օգնութեան ճիգերուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ այս գծով ճիգերու համակարգում կատարուած է նաեւ համալսարաններու կամաւոր ուսանողներուն հետ:

Իր կարգին, Մահա Այուպի ներկայացուց տարուող փրկարար եւ օժանդակութեան ճիգերը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ կամաւորներ փութացած են օգնութեան` փութացնելով եւ դիւրացնելով տարուող փրկարար ճիգերը:

ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարի (Եու.Էն.Հեպիթեթ) անունով խօսք առաւ Ուաէլ Սըննօ, որ «Քաղաքային աւելի լաւ ապագայի համար» կարգախօսով անդրադարձաւ վնասուած շրջաններու, յատկապէս` Պուրճ Համուտի շէնքերու եւ կառոյցներու կրած աւերներու տարողութեան` հիմնուելով այս գծով պատրաստուած եւ ամբողջացած հարցախոյզի թերթիկներու տեղեկութեանց վրայ: Սըննօ յայտնեց, որ աշխատող պատկան խմբակը Պուրճ Համուտը բաժնած է գլխաւոր եօթը շրջաններու եւ քառասուն ենթաշրջաններու` մանրամասնելով Մարաշ, Ատանա եւ այլ փողոցներու ենթաշրջաններու պատկերը: Ուաէլ Սըննօ նշեց, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարի մարմինը 2017-էն ի վեր լծուած է Լիբանանի լքուած,   լուսանցքայնացած վայրերու ուսումնասիրութեան եւ անոնց վերանայումի եւ բարեկարգումի ճիգերուն: Ան այս առիթով յիշեց, որ վնասուած շէնքերու եւ կառոյցներու իրավիճակի գնահատման աշխատանքը կատարուած է գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանութեան տարրերուն հետ: Ընդամէնը 3400 շէնքերէն վնասուած է 51 առ հարիւր համեմատութիւնը: Ան թելադրեց յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն  կամ դիմել հետեւեալ ե-հասցէին` [email protected]:

Նշենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցաբեր իր խօսքի աւարտին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան:

 

Նախորդը

Ժողովրդային Մասնակցութեամբ. Ընթացք Առաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Ծրագիրը

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Անցնիլ Տրուած Խոստումներու Գործադրութեան Փուլին» Կ՛ըսէ Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան

RelatedPosts

Բարձր Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. Կաթողիկոսին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան  95-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում Եւ Պաշտօնական Ընթրիք
Գաղութային

Բարձր Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում Եւ Պաշտօնական Ընթրիք

November 16, 2026
ՀԲԸՄ-ի 120-Ամեակի Յոբելենական Նշում
Գաղութային

ՀԲԸՄ-ի 120-Ամեակի Յոբելենական Նշում

November 16, 2026
Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.