Ռուս-թրքական համագործակցութեան խորացումը չþազդեր եւ պիտի չազդէ Մոսկուայի եւ Նիկոսիոյ միջեւ երկխօսութեան վրայ։ Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղոդրէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
«Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն առնչութեամբ պիտի ուզէի անգամ մը եւս վստահեցնել կիպրացի բարեկամներս, թէ ռուս-թրքական համագործակցութեան խորացումը, շրջանային հարցերով Անգարայի հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ոչ մէկ կերպով կþազդեն եւ պիտի ազդեն Մոսկուայի եւ Նիկոսիոյ միջեւ երկխօսութեան վրայ», ըսած է Լաւրով կիպրական «Ֆիլելեֆթերոս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին։
Ըստ ռուսական դիւանագիտութեան պետին, «թէ՛ Նիկոսիոյ, թէ՛ ալ Անգարայի մէջ քաղաքական կամք գոյութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի հետագայ ապակայունացումը կանխարգիլելու»։
«Բացի ատկէ, կայ վիճայարոյց հարցերու արդիւնաւէտ լուծման համաշխարհային հարթակ՝ ՄԱԿ-ը։ Մենք պատրաստ ենք աջակցելու Կիպրոսի հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելուն, սակայն, ի հարկէ, միայն այն պարագային, երբ երկու կողմերն ալ շահագրգռուած կերպով այդ հարցով կը դիմեն մեզի», աւելցուցած է Լաւրով։



