Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեդային (Սեդա Մեսրոպեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

September 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Խ.

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութիւնը հարուստ է հազարաւոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու խոնարհ ու նուիրական ջանքերով ստեղծուած կազմակերպութեամբ: Հազարաւորներ տքնաջան ճիգերով գործեցին ու անցան առանց սպասումի, առանց վարձատրութեան եւ առանց փառաբանութեան: Որովհետեւ անոնք  ծառայութեան առաքելութեան մէջ կը տեսնէին իրենց ժողովուրդին  յարութիւնն ու զարթօնքը:

Որովհետեւ անոնց համար ծառայութիւնը կը բխէր քրիստոնէութեան ակունքներէն եւ ազգային նպատակներու կենսագործման հաւատքէն:

Որովհետեւ ծառայութիւնը իսկական նպատակներ կը հետապնդէր:

Սեդան այդ փաղանգին խոնարհ մէկ անդամն էր, որ այս կազմակերպութիւնը սիրեց իր ընտանիքին պէս եւ  նուիրուեցաւ անոր վերելքին ու զարգացման` առանց տատամսումի կամ վերապահութեան:  Սիրեց այնքան մը, որ անկէ բաժնուիլը անկարելի կը թուէր, տալիք ունէր ու տալիքը անսահման սիրով  ու նուիրումով պայմանաւորուած  էր: Տարիներ շարունակ եղաւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի անդամ,  եղաւ Շրջանային վարչութեան անդամ, եղաւ Ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբի անդամ եւ հասնող սերունդներուն սորվեցուց հայկական ասեղնագործութեան գաղտնիքը, որպէսզի չկորսուի ու չանհետանայ հայկական լեռնաշխարհէն դարերով մեզի փոխանցուած Սվազի, Ուրֆայի, Մարաշի, Վանի, ասեղնակարերու գաղտնիքը: Կեանք մը ամբողջ նուիրեց իր սիրած կազմակերպութեան` Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:

Սակայն Սեդային մեծագոյն ներդրումը եղաւ Հայկական ասեղնագործութեան գիրքի հրատարակութիւնը:

Աշխատանք, որ մեզմէ խլեց տասը տարի. ձեռագործներու հանդէպ ունեցած սէրը` բծախնդիր գործուածքի կատարելութիւնը կը մղէին լաւագոյնին եւ կատարեալին հասնելու: Անդուլ ու անդադար  փնտռտուքներ, այցելութիւններ, հետապնդումներ,  նկարահանումներ, անուանագրութիւն եւ տակաւին հարսնացու օրիորդներու արկղին մէջ տասնեակ տարիներով պահուած ձեռագործները լոյս աշխարհ բերելու համար ինչպիսի՛ լեզուներ թափուեցան, որպէսզի նկարուին ու ապա կրկին վերադարձուին տէրերուն:

Սեդան հաւատացողն էր այս գիրքի նպատակին ու կարեւորութեան եւ ատոր համար չզլացաւ ոչ մէկ աշխատանք, ոչ մէկ զոհողութիւն,  մինչեւ որ գործը գլուխ հանուեցաւ:

Այսօր ԼՕԽ-ի հպարտութիւնը կազմող եւ ձեռարուեստի կեդրոնին առաքելութեան ուղեցոյցը հանդիսացող իրագործում մըն է

այս գիրքը: Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպաները,  մինչեւ օտար միջազգային կազմակերպութիւններու հիացմունքին  արժանացած հոյակապ նուէր մը, որ կ՛արտայայտէ հայ կնոջ մատներուն ճկունութիւնն ու անոր հոգեկան ապրումներուն  ու յոյզերուն իրավիճակը գոյներու եւ պատկերներու ընդմէջէն: Առաւել, այս գիրքը հասնող սերունդներուն կը յանձնէ հայկական ասեղնագործութեան արուեստն ու անոր ակունքները:

Սեդան շատ տալիք ունէր տակաւին Ձեռարուեստի կեդրոնին առաւել եւս զարգացման, տալիք ունէր, որովհետեւ հաւատքը մեծ էր,  սէրը` անհուն  եւ համբերութիւնը` ծով: Կ՛ապրէր գոյներու, կտաւներու, դերձաններու եւ պատկերներու ստեղծած համաչափութեան եւ ներդաշնակութեան կշռոյթով:

Եկան նոր օրեր ու նոր մտայնութեամբ կամաւորներ, որոնց համար  ասեղնագործութեան աշխարհը արուեստի ազնուագոյն ճիւղերէն մէկը ըլլալէ աւելի առեւտուրի կեդրոն էր եւ գործնական աշխարհի  ու շուկայի սկզբունքներով տարուած աշխատանք, եւ ուրեմն անոնք ստեղծեցին նոր միջավայր ու նոր գործելակերպ:

Ի հարկէ ցաւեցան Սեդան ու Սեդային ընկերուհիները:

Բայց երեւի այսպէս ցաւելով է, որ կը փոխուին ժամանակներն ու մտայնութիւնները եւ կը փոխարինուին նորերով, սակայն կը մնայ հիմնականը, կը մնայ էականը, կը մնայ խորքը, կը մնայ արուեստը: Ու կը մնան Սեդային ու ընկերուհիներուն ճիգերով ստեղծուած ու պահուած հայկական ասեղնագործութեան գոհարները իրենց գոյներու եւ գիծերու ներդաշնակութեամբ առինքնող Ուրֆայի, Սվազի, Վանի ու Մարաշի կտորներուն մէջ: Այդ գոհարները  կը  պատմեն ստեղծագործ ոգիին պատմութիւնը հայ կնոջ: Եւ այդ կտորներուն ընդմէջէն կ՛ապրին Սեդան ու իր ընկերուհիները:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Վերականգնումի Քայլերով

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 19.480-ի, Մահուան Պարագաներունը` 183-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 5592-ի

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.