Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համայնքային Դրութիւնը Որոշ Ժամանակաշրջանի Մը Համար Էր, Սակայն Ներկայիս Ան Սադրանքներ Կը Հրահրէ, Հետեւաբար Կարիքը Կայ Նոր Վարչակարգի Մը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

September 1, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով, կիրակի, 30 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, լիբանանցիներուն ուղղած իր ուղերձին մէջ կոչ ուղղեց, Լիբանանը քաղաքացիական պետութիւն յայտարարելու:

Նախագահ Աուն խոստացաւ լիբանանցիները հրաւիրելու երկխօսութեան մը, որուն պիտի մասնակցին հոգեւոր իշխանութիւններն ու քաղաքական ղեկավարները` յանգելու համար բոլորին կողմէ ընդունուած տարբերակի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ըստ այնմ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել:

Նախագահ Աուն շեշտեց իր համոզումը, թէ միայն քաղաքացիական պետութիւնն է, որ կրնայ բազմազանութիւնը պաշտպանել եւ զայն վերածել իսկական միասնականութեան:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ տիրող համայնքային վարչակարգը կամ համայնքային դրութիւնը միայն որոշ ժամանակաշրջանի մը համար էր, սակայն ներկայիս ան կ՛արգելակէ որեւէ զարգացում եւ բարգաւաճում, կը խոչընդոտէ փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ համայնքային սադրանքներ կը հրահրէ եւ բաժանում կը սերմանէ:

«Երկրին վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու եւ բարգաւաճեցնելու կարիք կայ: Զայն ի՛նչ որ ուզէք կոչեցէք, սակայն Լիբանան իր հարցերուն տնօրինելու համար կարիքը ունի նոր հասկացողութեան, որ պէտք է հիմնուի քաղաքացիական պետութեան վրայ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները երկարատեւ տառապանքէ ետք կարիքը ունին ատակութեան, կարողութեան եւ չափանիշներու պետութեան մը, ուր օրէնքը կ՛ըլլայ հաւասարապէս բոլորին իրաւունքներուն երաշխիքը, իսկ հիմնական պատկանելիութիւնը կ՛ըլլայ հայրենիքին եւ ոչ թէ համայնքներու ղեկավարներուն:

«Քաղաքացիական պետութեան հիմնումը ժողովրդային պահանջ է, երիտասարդները հրապարակներուն վրայ քաղաքացիական պետութիւն կը պահանջեն: Արդեօք քաղաքական կամքը կ՛ընդառաջէ՞ այս պահանջին իրագործման, եւ համապատասխան քննարկումը կը կատարէ՞ կերտելու համար նման պետութիւն», հարց տուաւ նախագահ Աուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Մաքրոն Դարձեալ Ժամանեց Պէյրութ

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կ՛առաջադրէ Ատիպի Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.