Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԻՄԵԼՈՎ ՃՈՆ ՓՐԵՍՔՈԹԻՆ` «ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԱՆԽԱՒ ԴԷՄ ՏԵՍԱԿԷՏ ՅԱՅՏՆԵԼԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԸԼԼԱԼ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

January 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանդիպումէն պահ մը

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայաստանեան համազեկուցող Ճոն Փրեսքոթ Երեւանի մէջ կը գտնուի եւ երէկ հանդիպում ունեցաւ հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ըստ «Երկիր Մետիա»-ին, ուշագրաւ եղաւ յատկապէս Փրեսքոթի հանդիպումը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան հետ: Տարօրինակ վարքագիծով յայտնի Փրեսքոթ այս անգամ գերազանցեց ինքզինք:

Երէկ Փրեսքոթ ձեռքով հարուածած է սեղանին` Վեհաժողովին մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ:

«Սովորաբար ջղաձիգ է, բայց նորութիւն էր սեղանին հարուածելը», յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:

Նախքան պատուիրակութեան հետ հանդիպումը, Փրեսքոթ հանդիպում ունեցած է հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ իմացած, որ անոնք լուրջ ակնկալիքներ ունին յառաջիկայ ընտրութիւններէն:

Արմէն Ռուստամեան խօսած է 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններ կատարելու ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութեան նախաձեռնութեան մասին: Ան նշեց, որ ասիկա կրնայ իսկապէս նպաստել ընտրութիւններուն նկատմամբ վստահութեան ձեւաւորման եւ օգնել, որ իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ փոխուին` ոչ թէ վերարտադրութեան, այլ վերընտրուելու միջոցով: Ան նաեւ յայտնեց, որ իրենց նախաձեռնութիւնը իրականացնելու գործին մէջ անոնք կ՛ակնկալեն նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի աջակցութիւնը:

Փրեսքոթ յայտնեց, որ իրենք այս հարցին հետ կապ չունին եւ պէտք չէ այս հարցով իրենց դիմել: Ա. Ռուստամեան նշեց, որ ընդդիմութեան նախաձեռնութեան նկատմամբ կանխաւ դէմ տեսակէտ յայտնելը արդէն իսկ կը նշանակէ կողմնակալ ըլլալ եւ աւելցուցած է, որ «դուք չէք կրնար չէզոք ըլլալ»:

«Ես մատս դրի ճիշդ կէտին, անոր համար ալ ան դուրս եկաւ իր հունէն», նշեց Ա. Ռուստամեան:

Այնուհետեւ Արմէն Ռուստամեան եւրոպացի դիւանագէտին խորհուրդ տուաւ սեղանը չջարդել եւ զուսպ խօսիլ, ինչպէս սովորաբար կը պատահի այսպիսի հանդիպումներուն ընթացքին: Երբ Փրեսքոթի ջղայնութիւնը անցած է, հանդիպումը շարունակուած է հանգիստ մթնոլորտի մէջ, թէեւ Արմէն Ռուստամեան կը կանխատեսէ, որ Փրեսքոթ անգամ մը եւս կրնայ արջի ծառայութիւն մատուցել իշխանութիւններուն:

 

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄԻՆ ԴԷՄ Է

Յաջորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.