Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Կան 12 Ամբաստանեալներ

August 26, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով աղէտի գօտիին մէջ գործող լիբանանեան ազգային շտապի գրասենեակը կը շարունակէ իր աշխատանքները` գործակցութեամբ լիբանանեան պետական բոլոր կառոյցներուն:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ այցելեց այդ շտապի կեդրոնը, ընկերակցութեամբ` պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքրի եւ Մոհամետ Ֆահմիի:

Հանդիպումին ընթացքին Տիապ հաստատեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է բնակարաններու եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներուն ամբողջացումը` նախքան ձմեռնամուտը:

Տիապ բարձր գնահատեց բանակին, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն, քաղաքացիական ընկերութեան եւ ընկերային կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն աշխատանքները:

Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ հարցաքննեց Պէյրութի նաւահանգիստի երեք պաշտօնեաներ Մուսթաֆա Ֆարշուխ, Միշել Նահհուլ ու Ուաժտի Քարքաֆի եւ անոնց դէմ բերման գիրեր հրապարակեց:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով ցարդ կան 12 ամբաստանեալներ:

Այս բոլորին կողքին Լիբանանեան կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ տակաւին կան 7 անյայտ կորսուածներ` 4 լիբանանցի, 2 սուրիացի եւ 1 եգիպտացի, որոնց որոնողական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը հերքեց լիբանանեան օրաթերթի մը կողմէ հրապարակուած այն տեղեկութիւնները, որոնք իտալական կառավարութեան կը վերագրեն Պէյրութի նաւահանգիստը հիւլէական զէնքով հարուածելու հասատատումները:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը շարունակեց ստանձնել լիբանանեան պետութեան հասած օժանդակութիւնները:

Այս իմաստով երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան իրաքեան երկու օդանաւեր, որոնք սննդամթերք եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրեցին Պէյրութ:

 

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Օժանդակութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Հարիրի. «Վարչապետի Թեկնածու Չեմ»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.