Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Նախագահ Արմէն Ռուստամեանը

August 22, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 21 օգոստոսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը:

Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է Դաշնակցութեան կատարած հետեւողական աշխատանքը համահայկական խնդիրներու լուծման գործին մէջ` յատկապէս ընդգծելով Արցախի անկախութեան կերտման դժուարին ճամբուն եւ հետագայ ձեռքբերումներուն մէջ կառոյցին ներդրած զգալի աւանդը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են լիբանանահայերուն աջակցութեան, անհրաժեշտութեան պարագային` անոնց հայրենադարձութեան կազմակերպման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի անվտանգային համակարգին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն վերաբերող շարք մը առանցքային հարցեր:

Արմէն Ռուստամեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է նաեւ անցեալ տարի Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի ընդունած հռչակագիրի դրոյթները: Արայիկ Յարութիւնեան վստահեցուցած է, որ հետեւողական պիտի ըլլայ ազգային ու պետական շահերու շրջագիծին մէջ անոնց կեանքի կոչման գործին մէջ:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

«Հայաստան-Արցախ Ռազմավարական Դաշինք»-ի
Շրջագիծին Մէջ Հանդիպումներ` Քաղաքական Ուժերու Հետ

Երէկ` 21 օգոստոսին, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի մէջ գործող շարք մը քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ: «Ապառաժ»-ի հարցումին  պատասխանելով` Ա. Ռուստամեան տեղեկացուցած է, որ այցելութեան նպատակը մայիս 2019-ին տեղի ունեցած` «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին հիմամբ ձեւաւորուած կազմակերպական կոմիտէի գործունէութեան աշխուժացումն է:

«Նկատի ունենալով Արցախի Ազգային ժողովի նոր ձեւաւորուած կազմը, հանդիպումներ ունեցած եմ խորհրդարանին մէջ ընդգրկուած կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ: Հանդիպումներուն նպատակը` ֆորումին հիմամբ ստեղծուած կազմակերպական կոմիտէի գործունէութիւնը աշխուժացնելն է, ինչպէս նաեւ աշխատանքային խումբի թարմացումը` Արցախի Հանրապետութեան նոր գումարման Ազգային ժողովին մէջ ընդգրկուած կուսակցութիւններու ներգրաւումով», մանրամասնած է Ա. Ռուստամեան:

Նախորդը

«Ռուսիան Աշխուժ Կերպով Կ՛աշխատի Ղարաբաղեան Տագնապին Լուծման Բանակցային Հոլովոյթը Շուտափոյթ Վերսկսելու Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Ջանքերը Ընթացք Առած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 12, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.