Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին Ընկերակցութեամբ Կատարած Իր Այցելութեան Ընթացքին. «Պէյրութ Պիտի Վերականգնի Շնորհիւ Իր Երիտասարդներու Բազուկներուն» Ընդգծեց Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

August 18, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած աղէտալի պայթումին հետեւանքներուն եւ յատկապէս` շրջանի բնակիչներու կացութեան մօտէն տեղեկանալու նախանձախնդրութեամբ  երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, շաբաթավերջին այցելեց աղէտեալ շրջաններու բնակիչներուն: «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան խոր ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար եւ ըսաւ. «Չենք կրնար չխոնարհիլ Պէյրութի զոհերու յիշատակին»: Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց աղէտէն վերականգնելու գծով երիտասարդներուն ճիգերը: «Լիբանանի երիտասարդները խոստմնալից ու դրական պատկերը կը դրսեւորեն լիբանանեան այս հայրենիքին: Ինչպէս կը նկատենք` անոնք առաջին օրէն իսկ լծուեցան փրկարար ճիգերուն», ընդգծեց ան: «Լիբանանի երիտասարդները յաղթահարեցին տիրող համայնքայնութեան, դաւանական ու հատուածական տրամադրութիւնները, իրենց համերաշխութեամբ, իրերօգնութեամբ եւ վերականգնումի վճռակամութեամբ», շեշտեց ան:

«Ճիշդ է, որ Պէյրութ քանդուած է, սակայն Պէյրութ պիտի վերականգնի շնորհիւ իր երիտասարդներու բազուկներուն», ընդգծեց նախարարի պաշտօնակատարը` յատուկ կերպով ողջունելով Լիբանանի երիտասարդութիւնն ու «Լիբանանի սկաուտական միութիւնը»: Օհանեան-Գէորգեան այս առիթով նշեց, թէ Լիբանանի մարզական շրջանակները արդէն իսկ կը տառապէին «Քորոնա»-ի համավարակի հետեւանքներէն, եւ այս պայթումը եկաւ առաւել եւս վատթարացնելու կացութիւնը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ իր շրջագայութեան ընթացքին նախարար Օհանեան այցելեց կարգ մը բնակիչներու բնակարանները, որոնք մեծ մասամբ աւերուած ու վնասուած են:

Նոյն ծիրին մէջ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր յուզմունքը յայտնեց ինկած զոհերուն, վիրաւորներուն եւ արձանագրուած վնասներուն համար եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանեկան պարագաներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի կրած վնասներուն` խոստանալով ճիգ չխնայել կացութեան բարեփոխման եւ վերաշինութեան գծով` նշելով, որ քաղաքապետութիւնը առաջին  օրէն իսկ կազմ ու պատրաստ լծուեցաւ փրկութեան ու վնասներու ստուգման աշխատանքներուն:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան արաբերէնով մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց շրջանի կրած վնասներուն եւ բնակչութեան կորուստներուն ու վերականգնումի ճիգերուն մասին:

Այցելութեան ընթացքին ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ սկաուտական այլ միաւորներ, որոնք կը մասնակցէին շրջանի վերականգնումի նախնական  ճիգերուն:

Նախորդը

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Ընթացք Առաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.