Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձօն Լիբանանի (Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներուն)

August 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ

Մայրիներու ազատատենչ  երկիր, չքնաղ Լիբանան
Հազարամեայ մշակոյթի,  լոյսի փարոս  գիտութեան
Ասպնջական զաւակներդ  մթին օրեր ապրեցան
Քաջակորով համբերատար, հուրէն, սուրէն դիմացան:

Մոխիրներէն կենդանացար, յարեար կրկին Լիբանան։

Եղբայրասպան պատերազմներ կանաչ կեանքեր խլեցին
Մթագնեցան, կործանեցան տուներ, շէներ թանկագին
Հրկիզուեցան եկեղեցի, քանդ ու աւեր սփռեցաւ
Գեղեցկազարդ, աղմկարար շէնշող, շէներդ ամայացաւ։

Մոխիրներէն կենդանացար, յարեար կրկին Լիբանան։

Փիւնիկեան հնադարեան կանաչ երկիր ծովափնեայ
Նաւաստիներդ Միջերկրական ծովի հմուտ նաւորդներ
Արկածախինդ, քաջակորով մէյ մէկ ասպետ ճամբորդներ
Եզերեցին երկրագունդի ամէն ոստան հնամեայ:

Մոխիրներէն կենդանացար, յարեար կրկին Լիբանան։

Սարսռալի, սահմռկելի եղաւ օրն այն ահաւոր
Պայթումովը ահագնագոռ աւեր, մահ  տարածող
Լիբանանի մայրաքաղաք չքնաղ Պէյրութ քաղաքի
Աղիողորմ որդեկորոյս մայրեր, քոյրեր, եղբայրներ:

Մոխիրներէն պիտ’ կենդանանաս, յաոնես կրկին Լիբանան։

Սարսափելի, սարսռալի արիւնլուայ դէմքեր քարացած
Բզքտուած հոս հոն ցրուած մարդոց արիւնլուայ մարմիններ
Փոշեթաթախ ուրուականներ մոլոր, կթոտ խելագարած
Մահաքունով տագնապահար, անյոյս, մենակ գետնատարած:

Մոխիրներէն պիտի կենդանանաս, յաոնես կրկին Լիբանան։

Անօթեւան ընտանիքներ, երդիք ու կեանք կորսնցուցած
Տառապանքի անմխիթար սեւ քղամիթ ուսերուն՝
Փլատակուած օճախներու շիջած մայթին են տարածուած
Ամէնուրեք հեծծանք, արցունք փշոտ ու փոշոտ  սրտերուն:

Մոխիրներէն պիտ’ կենդանանաս, յաոնես կրկին Լիբանան։

Հոգիներէն բարձրաթռիչ աղօթք, աղերս առ Աստուած
Լալահառաչ պաղատագին շրթներ՝ -խնայեա՛ Տէր եւ Ողորմեա-
Հրեշտակներու խնկանուէր երկինք յառնող թեւերով
Բարձրանան թող աղօթքները խնդրանք առ Աստուած:

Մոխիրներէն պիտ’ կենդանանաս, յաոնես կրկին Լիբանան։

Մայրիներու եւ Փիւնիկներու երկիր, անմահ Լիբանան
Մոխիրներու, կրակներու մէջէն կրկին պիտ’ յառնես
Նորափետուր պիտ’ զարդարուիս, շքեղ ու պերճ Լիբանան
Ազատութեան, անմահութեան ճամբորդ, երկիր Լիբանան:

Մոխիրներէն պիտ’ կենդանանաս, յաոնես կրկին Լիբանան։

 

 

 

Նախորդը

Աստուածամայրը՝ Լիբանանին…

Յաջորդը

Զօրակցութիւն՝ հայրենիքից. Ձեզ Հետ Ենք Այս Բախտորոշ Պահին

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.