Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքի Կոչուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»-ը

August 10, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու ու ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրանքով, կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքներու պետերուն, ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն եւ ՀԲԸՄ-ի, ՀԿԲՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչներուն, հաստատուեցաւ «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը:

Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք պայթումի զոհերուն յիշատակը, առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ հինգշաբթի, 5 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մամուլին յանձնեց հայաշխարհին ուղղուած հայրական կոչ մը, որով աշխարհացրիւ հայութեան կը յիշեցնէր, թէ լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապը մեծ է, եւ հետեւաբար, կը թելադրէր, որ լիբանանահայ գաղութի վերականգնումի գործին մէջ ամէն մարդ ստանձնէ պարտքի եւ պարտաւորութեան բաժին:

Ապա Շահէ արք. Փանոսեան ներկայացուց վեհափառ հայրապետին կոչը, որուն մէջ շեշտուած էր, թէ քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է, պսակաձեւ ժահրի վտանգին ենթակայ մեր համայնքի զաւակներուն առողջութեան օգտակար ըլլալը անհրաժեշտ է, մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է եւ մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Կոչին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կը հաստատէր, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով` մեր հայրենիքին, սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ մարմինին աշխատանքներուն առանցքները պէտք է կազմեն տուներու, եկեղեցիներու ու համայնքային կեդրոններու վերանորոգումը, առողջապահական ծրագիրները եւ կրթական օժանդակութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ մարմինը պէտք է անմիջապէս դիմէ գործնական քայլերու եւ ճշդէ համապատասխան աշխատելաոճ` արագ, արդիւնաւէտ եւ նպատակայարմար ծրագիրներ իրականացնելու համար: Սրբազանը հաստատեց, որ պէտք է առանց կանխակալ մտածումի, առանց անձնական նախասիրութիւններու եւ կեցուածքներու, դրական մտքով միասին մտածել, միասին կացութիւնը գնահատել, միասին մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող առաջնահերթութիւնները ճշդել, միասին նախաձեռնել եւ միասին պարտականութիւնները բաժնեկցիլ, որպէսզի մեր աշխատանքի որակին ընդմէջէն մեր ժողովուրդն ալ զգայ, թէ տակաւին ունինք ապրելու կամք, կառուցելու եւ կերտելու եռանդ, տոկալու եւ յարատեւելու ուժականութիւն:

Ապա երեք համայնքներու, երեք կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները կազմեցին գործադիր մարմին մը, որ անմիջապէս գործի պիտի անցնի: Յետ քննարկումներու, հանդիպումին մասնակիցները շեշտեցին, որ դժուարին պայմաններուն մէջ առաւելագոյն չափով ճիգերը պէտք է կեդրոնացնել, որպէսզի հաւաքաբար յաղթահարենք դժուարութիւնները, հասնինք մեր ժողովուրդի կարիքներուն, ամուր պահենք մեր կառոյցները եւ վերականգնենք լիբանանահայութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Յաջորդը

Փենթակոնի Ղեկավարը` Պէյրութի Պայթումին Եւ Անոր Պատճառներուն Մասին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.