
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու շաբաթ առաւօտեան ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, քաղաքական տարբեր ուժերու եւ լիբանանցի հոգեւոր պետերու հետ, ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՄԱԿ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովին, որ կը վերաբերէր «Արաբական երկիրներուն մէջ գործադրուելիք բարեկարգումները եւ ժողովրդավարութիւնը» նիւթին:
Պէյրութի միջազգային օդակայան իր ժամանումէն անմիջապէս ետք Տաւութօղլու ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ Լիբանան այցելած է իր մասնակցութիւնը բերելու համար ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի պատասխանատուները տեղեակ պահելու համար շրջանային մակարդակի վրայ Թուրքիոյ ստանձնած պարտականութիւններուն մասին:
Տաւութօղլու շեշտեց, որ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները բացառիկ են` աւելցնելով, որ Թուրքիա կը մերժէ Միջին Արեւելքի վկայած իրադարձութիւններուն հետեւանքները շօշափել Լիբանանի մէջ:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան շրջագիծին մէջ անոր աշխուժ դերակատարութեան համար եւ մաղթեց, որ անիկա շարունակէ իր դերակատարութիւնը:
Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Թուրքիա յաւելեալ գործակցութիւն ցուցաբերէ Արաբական լիկային նկատմամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել շրջանային տագնապներուն լուծումը:
ՊԸՐՐԻԻ ՄՕՏ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ահմեթ Տաւութօղլուն, որուն հետ քննարկեց շրջանային նորագոյն զարգացումները:
«Տիար» օրաթերթին համաձայն, Պըրրիի եւ Տաւութօղլուի միջեւ քննարկումները եղած են «պաղ»` նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ վերաբերեալ երկու կողմերուն տարակարծութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Վարչապետարանին մէջ Ահմեթ Տաւութօղլու հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները եւ շրջանային զարգացումները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի:
Հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Թուրքիա այցելութեան հրաւէր մը յանձնեց վարչապետ Միքաթիի:
Հանդիպումէն ետք Տաւութօղլու յայտնեց, որ Լիբանան ժողովրդավար երկիր է, ուր տեղի ունեցած են ազատ ընտրութիւններ: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան հաստատութենական պետութիւն մըն է, որուն քաղաքական եւ պատմական աւանդը կը փաստէ անոր ժողովրդավար ըլլալը:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «Արաբական գարնան» սկիզբը Լիբանանը եղած է` աւելցնելով, որ շրջանին համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարեւոր է:
Տաւութօղլու դրուատեց նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական մակարդակի վրայ Լիբանան-Թուրքիա գործակցութիւնը` շեշտելով, որ ապագային այդ յարաբերութիւնները աւելի եւս պիտի զարգանան եւ ամրապնդուին:
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՔԵՐՔԷ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Ահմեթ Տաւութօղլուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Տաւութօղլու յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ ինք Ռայի պատրիարքին յանձնած է Թուրքիա այցելութեան հրաւէր մը:
Տաւութօղլու ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրօնական հարցեր, յատկապէս երկխօսութեան եւ տարբեր համայնքներու կրօններու միջեւ փոխադարձ յարգանքի անհրաժեշտութիւնը:
Այս առումով Տաւութօղլու ընդգծեց, որ Լիբանան օրինակելի տիպարն է ազգային գոյակցութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատումին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները: Աւարտին Ռայի պատրիարքը Տաւութօղլուն պարգեւատրեց մարոնի պատրիարքութեան մետալով:
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ – ՌԱԱՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Շաբաթ երեկոյեան Տաւութօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ամբողջական եւ մանրամասն քննարկում կատարուած է եւ ի յայտ եկած, որ Թուրքիա եւ Հըզպալլա լրիւ տարակարծիք են յատկապէս Լիբանանը շրջապատող երկիրներուն կացութեան ախտաճանաչումը կատարելու առումով:
Ռաատ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք հաստատած է, որ Հըզպալլայի կարծիքով, շրջանին մէջ փոփոխութիւնը պէտք է բխի ժողովուրդին կամքէն եւ ոչ թէ շինծու կերպով պարտադրուի արտաքին ուժերու կողմէ: Ան շեշտեց, որ արտաքին միջամտութիւնները պէտք չէ իրենց կարգախօսները, շարժումներն ու օրակարգերը միջամուխ դարձնեն ժողովուրդներուն շարժումներուն:
Ռաատ նշեց նաեւ, որ պէտք է կասեցնել Սուրիոյ մէջ զինեալ կողմերուն օժանդակութիւնը, որովհետեւ անիկա կացութիւնը աւելի եւս կը բարդացնէ եւ բարեկարգումի ուղին կը խոչընդոտէ:
Ռաատ նշեց սակայն, որ թրքական կողմը եւ Հըզպալլան յանձնառու են, որ աւելի ուշ նաեւ ունենան հանդիպումներ` շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները:
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Կիրակի օրուան իր հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ` ներկայութեամբ նախկին նախարարներ Թարեք Մըթրիի ու Մոհամետ Շաթահի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ռատուան Սէյիտի ու Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
Տաւութօղլու իր կեցութեան վայրին` «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Քննարկուեցան շրջանը յուզող հարցերը:
Տաւութօղլու այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, որ դրուատեց շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն ցուցաբերած զօրակցութիւնը:
Միւֆթի Քապպանի ընդգծեց, որ Թուրքիա արաբական եւ իսլամական թղթածրարներուն կողքին պէտք է որդեգրէ նաեւ պաղեստինեան դատը եւ իրականացնէ պաղեստինցի ժողովուրդին տունդարձի իրաւունքը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իր կարգին ընդունեց Տաւութօղլուն:
Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քապալան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շրջանին մէջ սադրանքներ եւ դաւադրութիւններ նիւթող Իսրայէլի դէմ պայքարը շարունակել յաւելեալ միասնականութեամբ:
Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ ղեկավարութեան Իրանի հետ գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկխօսութեան ճամբով լուծել Սուրիոյ տագնապը:
Կը նախատեսուէր, որ Տաւութօղլու այցելէր նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին եւ հանդիպում մը ունենար Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ:
Նշենք, որ «Ախպար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով թրքական պաշտօնական աղբիւրներէ, նշեց, որ Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն փոխանցել պատգամ մը, ըստ որուն, շրջանին մէջ հսկայ ցնցում մը պիտի պատահի, եւ «Լիբանանը պէտք է պահպանէք հաւանական քաղաքացիական պատերազմէ»: Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ այս պատգամը փոխանցելու նպատակով Տաւութօղլուի այցելութեան օրակարգը կ՛ընդգրկէ նաեւ լիբանանցի հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումներ:


