Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբի Կոչին Անսալով` Քանատայի Նահանգային Խորհրդարանի Անդամներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Յարձակողապաշտ Վարքագիծը

July 22, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի հետեւումն Հայաստանի վրայ ազրպէյճանական սադրիչ յարձակումներուն ու բռնարարքներուն եւ ընդառաջելով Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին ու շրջանային յանձնախումբերու կոչին, Քանատայի նահանգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ գրառումներով դատապարտեցին ազրպէյճանական բռնութիւնները:

Քեպեք նահանգի խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզքի իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին` դատապարտելով Ազրպէյճանի զինեալ յարձակումները Հայաստանի վրայ եւ յորդորելով վերջ տալ բռնարարքներուն եւ անսալ խաղաղութեան կոչին:

Քեպեք նահանգի խորհրդարանի անդամ Կի Ուէլէթ` անդրադառնալով Հայաստանի սահմանամերձ գիւղի մանկապարտէզի ռմբակոծման, դատապարտեց անմարդկային արարքը եւ, որպէս Արցախի բարեկամ, իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին` նշելով, որ բռնութիւնը երբեք լուծում չէ յատկապէս համաճարակի այս օրերուն: Ան յոյս յայտնեց, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական արձագանգէ Հայ դատի յանձնախումբի կոչերուն:

Խորհրդարանի այլ անդամ Նիքոլ Մենարտ դատապարտելով Ազրպէյճանի արարքները, նշեց, որ ամբողջ սրտով հայ համայնքին հետ է:

Նոյն խորհրդարանէն Քրիսթին Սէն-Փիեռ` յղում կատարելով խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզքի գրառման, իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին` դատապարտելով Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները:

Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի հայ անդամ Արիս Պապիկեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ հնչած Մեծամօրի կորիզային ռմբակոծման սպառնալիքներուն յայտնեց, որ Ազրպէյճան սպառնալիք է Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի բնակչութեան համար, ինչ որ ցեղասպանական յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ: Ան պահանջեց, որ միջազգային ընտանիքը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակապաշտ գործողութիւնները:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւներուն Վերաբերող Դատական Հաշուեքննութեան Հոլովոյթը

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Պահանջած Է Աւելի Խստութեամբ Վերահսկել Ազրպէյճանի Տրամադրուած Ամերիկեան Զինուորական Օգնութեան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.