Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ցանցային Առաւելութիւններ Եւ Հայկական Գերակայութիւն

July 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիին մէջ արձանագրուած ռազմական գործողութիւնները, յատկանշուած ազրպէյճանական յարձակողապաշտ արկածախնդրութեամբ, շեշտեցին հրամայականը հայկական կողմին համար ցանցային նպատակաուղղուած աշխատանքներու շտապ ձեռնարկման:

Նկատելի էր թշնամի կողմէն թուրքեւազրպէյճանական համակարգումը: Դրսեւորուած` Անգարայի բարձրագոյն մակարդակներէ արագ արձագանգումներով, Թուրքիոյ  ներգրաւուածութեան չափով, յայտարարութիւններու առաստաղի բարձրութեամբ,  Եւրոպայի մէջ հակահայ ցոյցերու միացեալ կազմակերպումներով եւ բողոքի գործողութիւններու կողք-կողքի կանգնումով:

Արդի պատերազմական գործողութիւնները ընդհանրապէս կը բնութագրուին իբրեւ հիպրիտային: Ռազմականին առընթեր տեղեկատուական, հոգեբանական, դիւանագիտական` նկատի ունենալու համար հիմնական ուղղութիւնները:

Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եթէ առաջին հերթին ապատեղեկատուութիւններու հակազդեցութիւնն է եւ զուգահեռ` առարկայական տեղեկատուութեան շրջանառութիւնը, ապա նոյնքան կարեւոր է կայքերու, պաշտօնական տեղեկատուական համակարգերու պաշտպանուածութիւնը: Այլ  խօսքով` կայքահէններու յարձակումներէն պաշտօնական լրատուական կայքերը անվնաս պահելու հրամայականը: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին միջազգային լրատուամիջոցներու լրատուութիւններուն առումով հակամարտութեան էութիւնը առարկայօրէն լուսաբանելու համար իրականացաւ հսկայական աշխատանք: Համակողմանիօրէն կար համոզում, որ տեղեկատուական մակարդակի վրայ հայկական կողմը տարաւ յաղթանակ:

Անգամ մը եւս զգալի էր եւ տեսանելի` պետականութիւն-սփիւռք համակարգուած աշխատանքի նպատակաուղղուածութիւնը: Աւելի մասնակի եւ պարզ` այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններ-Դաշնակցութիւն համակարգուած աշխատանքը:

Ցանցային աշխատելաձեւը հակաճգնաժամային գործողութիւններ կ՛իրականացնէր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ երկու գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն  յաճախակի խորհրդակցութիւնները կը ճշդէին այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութենէն աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ տարուող աշխատանքներուն սլաքները:

Կար անհրաժեշտութիւնը Հայ դատի քաղաքական ներուժը ի սպաս դնելու մեր երկրի դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն ճամբայ հարթելու եւ աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններէ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտելու առաջադրանքին: Կար անհրաժեշտութիւն ցուցական կերպով այս պարագային ո՛չ միայն բողոքի գործողութիւններ կազմակերպելու ազրպէյճանական դեսպանատուներու առջեւ, այլ նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն ֆիզիքապէս զօրավիգ կանգնելու ազրպէյճանցի ոչ քաղաքակիրթ ոճով բողոքող ցուցարարներէն:

Այս բոլորին զուգահեռ` հայոց բանակին օժանդակութիւններ տրամադրելու կազմակերպական աշխատանքներ, Դաշնակցութեան կազմակերպական տարբեր շրջաններու կողմէ:

Եթէ Կիպրոսի խորհրդարանը կամ  պաշտօնական Աթէնքը ուղղակի դատապարտեցին ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը, ապա բազմաթիւ քոնկրեսականներ եւ ծերակուտականներ առանձին յայտարարութիւններով սկսան պահանջել Միացեալ Նահանգներու` Պաքուին տրամադրած օժանդակութիւններու կասեցումը: Մինչ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը բաղկացնող խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւնները հիմնաւորեալ գտան Հայաստանի Հանրապետութեան հակադարձումը իր սահմաններէն ներս կատարուած ոտնձգութիւններուն: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային, երբ Դաշնակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնները Քանատայէն Հոլանտա ու Ֆրանսա կամ Աւստրալիայէն Միացեալ Նահանգներ ֆիզիքապէս կը պաշտպանէին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուները եւ կը հակազդէին ազրպէյճանական նենգափոխումներուն:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակները կը յաջողէին համաարաբական տարողութիւն ունեցող լրատուամիջոցներէն դատապարտել տալ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը, քաջալերանքն ու հրահրումը սահմանային իրադարձութիւններուն: Իրանի մեր կազմակերպութիւնը անպայման ազդեցիկ դեր ունէր պաշտօնական Թեհրանի հաւասարակշռուած մօտեցումներու պահպանման մէջ:

Կ՛աշխատէր ցանցը: Այս պարագային ճգնաժամի պատճառով ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման եւ պետականութեան շահի գերակայման սկզբունքէն մեկնած`  Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ գերատեսչութիւններ-Դաշնակցութիւն ցանցը:

Ասով ալ կը բացատրուի պետականութիւն-իշխանութիւն Դաշնակցութեան սահմանազատումը, որ աւանդական գործելաձեւէն աւելի ռազմավարական սկզբունք է, եթէ ոչ նոյնիսկ էական ծրագրային հիմնադրոյթ:

Ցանցային աշխարհակարգին մէջ հայութիւնը ունի առաւելութիւն: Ունի երկու պետութիւն եւ աշխարհատարած կառոյցներ, որոնց նպատակաուղղուած եւ համակարգուած աշխատանքը  ռազմականին առընթեր տեղեկատուական, քաղաքական եւ դիւանագիտական  ուղղութիւններու վրայ հայկական կողմին կ՛ապահովէ յստակ գերակայութիւն:

Նախորդը

Ազրպէյճանական Սադրանքներուն Դէմ Սփիւռքահայութեան Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Համաշխարհային Ու Անմիջական Զինադադար Հաստատելու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.