Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 17, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութենէն պատուիրակութիւն մը այսօր այցելեց լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, եւ անոնց յանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի յանձնարարականով եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գործադրութեամբ` Լիբանանի հայ գաղութին յատկացուած օժանդակութիւնը:

Լիբանանի այս ճգնաժամային օրերուն, Արցախը օգնութեան ձեռք երկարելով լիբանանահայ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն` թեթեւցնելու համար անոնց առօրեայ մտահոգութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն Լիբանանի հայ գաղութին յատկացուց 10 միլիոն հայկական դրամ, որ պիտի տրամադրուի իւրաքանչիւր համայնքի զաւակներուն դեղորայքի եւ սննդեղէնի պէտքերուն:

«Հայութեան բարոյական պարտականութիւնն է կանգուն պահել Լիբանանի հայ գաղութը, որ միշտ տուած է եւ հասած է հոն, ուր պէտք եղած է հասնիլ», նշեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան եւ աւելցուց. «Արցախը միշտ երախտապարտ եղած է եւ կը մնայ լիբանանահայ գաղութին` չմոռնալով անոր մեզի տուած անգին օժանդակութիւնը: Մեր մաղթանքն է, որ գաղութը եւ երկիրը շուտ դուրս գան այս կրկնակի ճգնաժամէն, եւ շուտով հանդիպինք ազատ Արցախի մէջ»:

Հոգեւոր պետերը իրենց կարգին շատ բարձր գնահատեցին Արցախի պետութեան կողմէ տրուած այս օժանդակութիւնը, յատկապէս ըսելով, որ բարոյական եւ խորհրդանշական մեծ արժէք ունենալով` յատկացուած գումարը շա՛տ աւելին է, քան ինչ որ կ՛ըսեն թիւերը:

Անոնք յոյս յայտնեցին, որ միասնաբար շուտով դուրս պիտի գանք այս ճգնաժամէն, եւ Հայաստանի ու Արցախի երկինքներուն մաղթեցին խաղաղութիւն ու կայունութիւն:

Պէյրութ, 16 յուլիս 2020

Նախորդը

Եռաբլուրը Վկայարան Եւ Սրբավայր` Վեհ Գաղափարներով Տոգորուած Հայաստանի Տաւուշի Մարզին Մէջ Ինկած Մեր Նահատակներուն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Դիւանագիտութեան Պետը Մեղաւոր` Զինուորական Ձախողութեան Համար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.