Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռաբլուրը Վկայարան Եւ Սրբավայր` Վեհ Գաղափարներով Տոգորուած Հայաստանի Տաւուշի Մարզին Մէջ Ինկած Մեր Նահատակներուն

Յուլիս 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Զոհի՛ նման չընկան նրանք:
Ընկան նրանք իբրեւ մարտի՛կ,
Որ փուլ չգայ էլ ապարանք,
Խաղաղ մնայ ամէն երդիք…»:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Համաշխարհային առումով քանի մը ամիսներէ ի վեր տարբեր անցուդարձերէ անմասն պէտք չէ մնայ նաեւ կարծէք հայ ժողովուրդը: Իրերայաջորդ դէպքեր, ինչպէս` «Քորոնա» համավարակը, տնտեսական տագնապ – պատերազմը, Հայաստանի սահմանային խախտումները արդէն բաւական հարցերու դէմ յանդիման դրած են հայրենի մեր ժողովուրդը:

Ասոր զուգահեռ թրքական գործօնը իր աշխուժ դերակատարութիւնը կ՛ունենայ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մասնաւորաբար եւ աշխարհի մէջ առհասարակ: Այս առումով, տարբեր ձեւերով, երբեմն քողարկուած, երբեմն ալ բացայայտ կերպով Թուրքիան արդէն իր իսկական դիմագիծը, հայատեաց քաղաքականութիւնը բացայայտեց ու շրջանին մէջ իր կշիռը ունենալու բազմաթիւ քայլերու ձեռնարկեց եւ  նաեւ իրագործեց իր գործընկեր երկիրներու, իմա` Ազրպէյճանի եւ մեծ տէրութիւններու նեցուկին վստահելով: Բոլորս ականատես եւ ականջալուր ենք այս իրադարձութիւններուն վտանգաւոր եւ քանդիչ հետեւանքներուն: Այսպէս` Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը վերջերս հետեւեալ զարգացումները ապրեցաւ: Առաջին հերթին լիբանանահայ գաղութի պարագային հայազգի հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեանի դէմ բացուած դատական հայցը, ուր ան ամբաստանուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «օսմանցի չարամիտ» որակելուն համար` «Նիու. Թի. Վի.» կայանէն սփռուած «Անա հէյք» յայտագիրին ընթացքին: Ծայր առին թրքական դրօշներով բողոքի ցոյցեր` ընդդէմ հայութեան եւ հայ հաղորդավարին: Ասոր առընթեր լիպիական քարիւղի եւ Ժուֆրա ու Սերթ քաղաքներու ռազմակայանի կարեւորութեան կապակցութեամբ  թրքական գործողութիւններն ու ներխուժումը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Լիպիան բռնագրաւելու փորձ մը, իսկ ռազմակայանը` զինուորական թիրախ: Այլ գետնի վրայ Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ դէմ` Կիպրոսի տնտեսական գօտիին մէջ քարիւղի հանքերու հորատման համար: Վերջերս Թուրքիոյ նախագահին որոշումով Պոլսոյ Այա Սոֆիա տաճարը վերածուեցաւ մզկիթի: Ներքին իմաստով Եւրոպական Միութիւնը իր խոր ընդվզումը արտայայտեց հիմնարար ազատութիւններու նահանջին եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման գծով, որով թրքական դատարանը բանտարկութեան դատապարտած էր Թուրքիոյ մէջ միջազգային Ներում կազմակերպութեան նախկին պաշտօնատարներ:

Սակայն ամէնէն ցայտունը հայկական իմաստով քանի մը օրեր առաջ (12 յուլիս 2020) Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններն էին Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ: Այս գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ ունեցաւ ազրպէյճանական կողմը: Թրքական նեցուկը չուշացաւ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր երկրին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանին` ընդդէմ Հայաստանի: Հայկական կողմը ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերեց, նոյնիսկ խոցեց ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքը, որ կը նկատուի Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն թանկարժէք անօդաչու սարքերէն մէկը. անիկա աշխարհի մէջ Hermes 900-ի առաջին խոցումն էր: Դժբախտաբար հայկական կողմը սուղ գին վճարեց դարձեալ, եւ հայկական բանակի չորս զինուորներ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքի սուրբ բագինին, յանձինս` հազարապետ Գարուշ Համբարձումեանի (31 գարուններ), քափիթեն Սօս Էլբակեանի (28 գարուններ), տասնապետներ Սմբատ Գաբրիէլեանի եւ Գրիշա Մաթեւոսեանի (19 գարուններ): Երէկ` հինգշաբթի, 16 յուլիսին  ազգային վերջին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ եւ կատարուեցաւ յուղարկաւորութիւնը հերոսածին ծնողներէ աշխարհ եկած հայկական բանակի առիւծասիրտ զինուորներուն: Անոնց նահատակութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց աշխարհին եւ ի մասնաւորի մեզի` տարասփիւռ հայերուս, որ հայը անընկճելի ոգի եւ աննկուն հաւատք ունի, որ անկորնչելի է: Երբ հայրենիքը վտանգի մէջ է, հայը պատրաստ է նոյնիսկ իր մատաղ կեանքը զոհելու` սերունդներու գոյատեւման երաշխիքը հանդիսանալու եւ հայու խորտուբորտ ճամբան հարթելու, որպէսզի հայը ազատ եւ ինքնիշխան ապրի: Այս առումով որքան գօտեպնդիչ է ու խրախուսիչ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի այն յայտարարութիւնը, որ` «Տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» չի լինելու, ես այն վերաձեւակերպել եմ` «Նոր պատերազմ` նոր տարածքների դիմաց»:

Եռաբլուրը դարձեալ տխուր էր, սակայն նոյն ատեն հպարտ, որովհետեւ իր վկայարանին մէջ ընդունեց վեհ գաղափարներով ու արժէքներով տոգորուած` Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ նահատակուած մեր հերոսները:

Մեր նահատակները այլեւս մահկանացուներ չեն: Անոնք միացան անմահներու, յաւերժի ճամբորդներու, անձնուրացներու այն փաղանգին, որ հայրենիքը գերիվեր դասեց անհատական շահերէն:

Յաւե՛րժ փառք եւ պատիւ ձեզի` անմա՛հ հերոսներ:

Կը խոնարհինք ձեր նահատակութեան սուրբ խորհուրդին առջեւ:

 

 

 

Նախորդը

ԿՈՉ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?