Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Յարաբերական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

July 16, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանային վիճակը յարաբերաբար հանգիստ եղած է: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  բանբեր Շուշան Ստեփանեան:

Դիմատետրի իր էջին վրայ ան գրած է, որ սահմանին վրայ կը պահպանուի զինադադար: Դէպքեր եւ թիրախաւորուած կրակոցներ չեն արձանագրուած: Իրավիճակը սահմանի ամբողջ երկայնքով Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու  լիակատար վերահսկողութեան ներքեւ է: Ան կոչ ուղղած է` ուշադրութիւն չդարձնելու Հայաստանի զինուած ուժերուն մասին պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն տարածող ազրպէյճանական քարոզչական հրապարակումներուն:

Ըստ անոր` ծաւալած գործողութիւններուն ընթացքին տարբեր աստիճանի վիրաւորուած տասը զինուորներ այժմ բուժում կը ստանան: Մէկ զինուոր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է: Հինգ զինուորներու վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան` դրական փոփոխութիւններով: Միւսները յառաջիկայ մէկ շաբաթուան ընթացքին կրնան վերադառնալ իրենց շարքերը:

Ազրպէյճանական կողմը 12-14 յուլիսի կէսգիշերը 50-է աւելի արկ կիրարկած է հայկական բնակավայրերու ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ին հաղորդումով` այս մասին 15 յուլիսին Իջեւանի  ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ըսած է պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանի հրամանատարական բաժինի պետ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Ան ցոյց տուած է այդ արկերու բեկորներէն մէկը` նշելով, որ նման շատ բեկորներ գտնուած են:

«Ճիշդ է, կը պահպանուի զինադադարի դրութիւնը, բայց մեր զինուած ուժերը բարձր մարտունակութեան մէջ են, զգօն են, լիարժէքօրէն  կը տիրապետեն իրավիճակին, կը հետեւին թշնամիի զարգացումներուն եւ պատրաստ են թշնամիի որեւէ սադրաքին` ցամաքային թէ օդային, անհրաժեշտ հակահարուած տալու», ըսած է Յովհաննիսեան:

Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, որոնց կարգին` սահմանային ծառայութիւնը,  վերջին օրերուն Տաւուշի ուղղութեամբ կիրարկած են իրենց բանակային կեդրոնին մէջ եղած գրեթէ ամբողջ զինանոցը, բացառութեամբ քանի մը միջոցներէ:

«Անոնք են, մասնաւորապէս, բոլոր տրամաչափի, բոլոր տեսակի  հրաձգային զէնքերը` գնդացիրներ, ականանետներ եւ այլն, հրետանային միջոցներ` 122 եւ չի բացառուիր նաեւ աւելի մեծ տրամաչափերու: Հարուածային թռչող սարքերէն, ըստ էութեան, եթէ չեմ սխալիր, մենք առաջին անգամ կը տեսնենք իսրայէլական այդ տեսակը, մինչ այդ կիրարկուած են այլ տեսակի հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր»,  ըսաւ ան:

Ըստ Յովհաննիսեանի` մեր հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները աւելի քան 10 միաւոր անօդաչու թռչող սարքեր խոցած են այս օրերուն: Անոնց մէջ կը մտնեն ինչպէս սովորական հետախուզական ու փոքր մարտավարական խնդիր կատարող անօդաչու թռչող սարքերը, այնպէս ալ հարուածին եւ թանկարժէք Hermes-900-ը սարքերը:

Ան բարձր գնահատած է զինուած ուժերուն կողմէ ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքեր խոցելու արդիւնաւէտութիւնը:  «Մեր զինուած ուժերու ամբողջ ստորաբաժանումը խոցած է թշնամիի 13 անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ 10-ն` հարուածային եւ 3-ը` հետախուզական: Ասիկա բաւական բարձր ցուցանիշ է արդիւնաւէտութեան տեսանկիւնէ», ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան հաստատած է, որ 14 յուլիսին, ժամը 18:00-ի դրութեամբ իրավիճակը հայ-ազրպէյճանական սահմանին լարուածութիւն աստիաճանականօրէն նուազած է, իսկ կէսգիշերէն ետք կրակոցները գրեթէ լիարժէք դադրած են:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած է Արցախի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Համանախագահները Ողջունեցին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Բանակցելու Պատրաստակամութիւնը

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.