Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Զինուած Ուժերը Կանխած Են Ազրպէյճանցի Զինուորներու Կողմէ Պետական Սահմանը Խախտելու Փորձը

July 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Կը Հաստատէ 2 Սպաննուած Եւ
5 Վիրաւոր Զինուորներու Մասին Լուրերը

Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորները 12 յուլիսին` մօտ ժամը 12:30-ին, ՈՒԱԶ մակնիշի մեքենայով Տաւուշի ուղղութեամբ Հայաստանի պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: «Հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք  Ազրպէյճանի զինուորները, ձգելով ՈՒԱԶ մակնիշի մեքենան, վերադարձած են իրենց դիրքը: Ժամը 13:45-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորները կրկնած են հայկական զինուած ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը` կիրարկելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշուած են հայկական կողմէն եւ, կորուստներ կրելով` ետ շպրտուած», յայտնած է Ստեփանեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմէն կորուստներ չկան:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին 12 յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին  պատճառով սպաննուած է ազրպէյճանցի 2 զինուոր, իսկ 5 ուրիշներ  վիրաւորուած են:

Աւելի ուշ, կիրակի, 12 յուլիսի երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբերը տեղեկացուց, թէ Ազրպէյճան վերսկսած է ռմբակոծել Տաւուշի հայկական զինուորական նոյն դիրքերը:

Ան ըսած է, որ իրավիճակի լարման հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Նաղդալեան Մեկնաբանած Է Սուրբ Սոֆիայի Տաճարին Կարգավիճակը Փոխելու Թուրքիոյ Որոշումը

Յաջորդը

Ակնարկ. Էրտողանի Հրամանագիրին Թիրախը Յունաստանն Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.