Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ Է ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

January 14, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ աշխատավարձերը սրբագրելու թղթածրարին հոլովոյթը մուտք գործած է օրինական հանգրուան:

Ան շեշտեց, որ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբն է այդ բանակցութիւնները կատարելու ճշգրիտ հասցէն:

Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի օրինականացնէ արդիւնաբերութեան երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` աւելցնելով, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս իր կարգին պիտի ներկայացնէ այդ հարցին իր մօտեցումը:

Իր կարգին, Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ նկատել տուաւ, որ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը վերածուած է քաղաքական մեծ գայթակղութեան մը` նկատել տալով, որ Լիբանանի կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերը պատասխանատու են այդ գայթակղութեան:

Մահֆուտ յայտնեց, որ աշխատավարձերու սրբագրումը տակաւին կարելի չէ եղած ապահովել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական տագնապին պատճառով:

Աշխատավարձերը սրբագրելու մասին կատարուած յայտարարութիւններուն շրջագիծին մէջ, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ Տնտեսական խորհուրդներն ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կառչած կը մնան իրենց միջեւ գոյացած համաձայնութեան: Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ երկուշաբթի օր իր գումարելիք նիստին ընթացքին վաւերացնէ այդ համաձայնութիւնը` առանց վեց ամսուան յետնեալները ներառելու:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ աշխատավարձերու սրբագրումին գծով իրենց եւ Ռապիէի, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ կողմերու հետ հաղորդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են եւ անհրաժեշտ է, որ մինչեւ յառաջիկայ երկուշաբթի օր համաձայնութիւն մը գոյանայ:

 

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ԱՐԱԲ ԿԻՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.