Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻԱ «ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԱՒԱՆ»-ԻՆ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԻԱ ԵՐԹԸ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԷ

January 14, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Ազատութեան կարաւան»-ի գործիչները

Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ արաբական երկիրներէ 150 սուրիացիներ Դիմատետրի ճամբով հինգշաբթի օր դէպի Սուրիա «Ազատութեան կարաւան» մը կազմակերպեցին: Անոնք Այնթապէն փոքրածաւալ մարդասիրական օժանդակութեամբ ինքնաշարժերով եւ փոխադրակառքերով ուղղուեցան Օճուփինար սահմանային անցքը, սակայն թրքական ոստիկանութիւնը անցքէն շուրջ 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քիլիսի մուտքին կասեցուց կարաւանին երթը: Շրջանի նահանգապետը առաջարկեց փոքրաթիւ գործիչներ տանիլ սահման` տեսնելու համար, եթէ անոնց պիտի արտօնուի Սուրիա մուտք գործել: «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական իշխանութիւնները նշեալ գործիչներուն Սուրիա մուտքը չեն արտօնած` անոնց ապահովութեան շուրջ մտահոգութիւններու պատճառով:

Կարաւանի մասնակից գործիչներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «սուրիական յեղափոխութիւնը որբ յեղափոխութիւն մըն է, որովհետեւ ոչ ոք տէր կը կագնի անոր, ոչ իսկ Արաբական լիկան»` աւելցնելով, որ «մեր վերջին յոյսը Թուրքիան է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ նախարարութիւնը կարաւանի մասնակիցներուն հետ կապի մէջ եղած է, սակայն չնշեց, եթէ Թուրքիա անոնց արշաւին կը զօրակցի:

Միւս կողմէ, Ռուսիա քննադատեց Սուրիոյ հարցով իր ներկայացուցած բանաձեւին շուրջ արեւմտեան երկիրներու բարեփոխման առաջարկները` յայտնելով, որ այդ բարեփոխումներուն նպատակը Դամասկոսի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն կատարելն է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախագահ Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ «դժբախտաբար արեւմտեան պատկերացումը կը հակասէ մեր պատկերացումին: Մեզի առաջարկած իրենց բարեփոխումներուն նպատակը Դամասկոսի մէջ Ասատի վարչակարգին փոփոխութիւնն է»: Ան աւելցուց, որ «բարեփոխումները մեր բանաձեւի բովանդակութիւնը ամուլ կը դարձնեն(®): Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք բռնարարքները դադրեցնելու եւ առանց օտար միջամտութեան քաղաքական հոլովոյթի մը սկսելու»:

 

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»-ԻՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ. ԼԱՐԻԺԱՆԻ – ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ ՉՏՈՒԱՒ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.