Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Նիստին Լիբանանեան Կողմը Զգուշացուց Իսրայէլը` Սահմանամերձ Ծովային Շրջանին Մէջ Պեղումներ Կատարելէ

July 6, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռաս Նաքուրայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի հանդիպում մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեան լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ քննարկուեցաւ սահմանային Կապոյտ գիծին երկայնքին Իսրայէլի կողմէ արձանագրուած ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան կողմը յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութեան:

Բանակի հրամանատարութիւնը Իսրայէլէն պահանջեց Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերը հեռացնել, նաեւ` սահմանային Կապոյտ գիծէն, Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն, Ղաժար գիւղաքաղաքէն եւ Ռաս Նաքուրայի «Պի. 1» կէտէն հեռանալ:

Նշուեցաւ, որ լիբանանեան կողմը կառչած կը մնայ ծովային իր իրաւունքներուն եւ կը զգուշացնէ Իսրայէլը` սահմանամերձ ծովային շրջանին մէջ պեղումներ կատարելէ:

Իր կարգին, զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը եւ կոչ ուղղեց երկու կողմերուն` օգտուելու տագնապը լուծելու իմաստով իրենց ընձեռուած առիթէն, ինչպէս նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծի երկայնքին կայունութիւնը ամրապնդելու` վերջ տալով  ընդվզում յառաջացնող ամէն տեսակ քայլի, որուն հետեւանքները կրնան անհակակշռելի ըլլալ:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ կէսօրին իսրայէլեան անօդաչու սարք մը թռիչքներ կատարեց Հասպայայի, Արքուպի եւ Ժապալ Շէյխի վերեւ:

Իսկ կէսօրէ ետք «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւ մը թռիչքներ գործեց հիւսիսային Լիթանիի շրջակայ գիւղաքաղաքներուն, Շքիֆի բերդին, Նապաթիէի եւ անոր մօտակայ գիւղաքաղաքներուն վերեւ:

 

Նախորդը

Աուքարի Մէջ. Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց` ՄԱԿ-ի Թիւ 1559 Բանաձեւին Գործադրութիւնը Պահանջող Ցոյց

Յաջորդը

Հըթթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Հռոմ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.