Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վախճանման 21-րդ Տարելիցին Առիթով. Յիշենք Բացառիկ Հոգեւորական Եւ Մեծ Մտաւորական Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը (27 Օգոստոս 1932 – 29 Յունիս 1999)

June 29, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

29 յունիս 2020-ին պիտի լրանայ Ամենայն Հայոց 131-րդ կաթողիկոս սիրեցեալ հոգելոյս  Գարեգին Ա. Սարգիսեան վեհափառի վախճանման 21-րդ  տարելիցը:

Հայ ժողովուրդը 29 յունիս 1999 թուականէն ի վեր, ամէն տարի յունիս 29-ին խոր յարգանքով կը յիշատակէ ու կը խոնարհի անոր  խնկելի ու քաղցր յիշատակին առջեւ:

Երանաշնորհ կաթողիկոսը ժողովուրդը խանդավառող եւ զայն իր կրօնական ու  ազգային հաւատքին մէջ  ամրացնող, հայաշխարհի սակաւաթիւ հոգեւոր մեծ առաջնորդներէն մին էր:

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ երկու բարձրագոյն նուիրապետական աթոռներու գահակալութեան իր տարիներուն հայ ժողովուրդի հոգին ջերմացուց  իր սիրտէն ու  միտքէն  բխող  ամենատաքուկ ու ամենախորունկ զգացումներով, գաղափարներով, վարմունքներով ու  ազգօգուտ իրագործումներով:

Ան եղաւ հաւատքի, ազգային նուիրումի  եւ հայ գիրի  պաշտամունք ունեցող  հաւատաւոր առաջնորդ մը, իր անհամար հետեւորդներուն, աշակերտներուն եւ հայ  հասարակութեան թողուց անմոռանալի անուն, սէր, քաղցր յիշատակ ու հոգեւոր դաստիարակութեան անկորուստ ժառանգութիւն:

Հմուտ աստուածաբան, հոգեւորական, եկեղեցական ու նաեւ մեծ գործիչ, այլեւ  տաղանդաւոր ուսուցիչ, փայլուն հռետոր, գրասէր ու գրագէտ, հայ լեզուի ոսկերիչ, մեր հոգելոյս  սիրեցեալ հայրապետը  հայ կեանքի  ամէնէն  շքեղ ու փայլուն անձնաւորութիւններէն  մէկն էր, իր իմաստուն, խոհեմ, հեռատես, դիւանագէտ կեցուածքով, իր զուարթախօսութեամբ, իր հաղորդականութեամբ եւ իր  իմացականութեամբ ու նաեւ իր տարած ազգանուէր ու եկեղեցանուէր  գործունէութեամբ գրաւեց ամէն տարիքի  հայուն  սիրտը եւ դարձաւ հայ ժողովուրդի շատ սիրեցեալ վեհափառը, ազգի արժանաւոր հոգեւոր հայրը, համաշխարհային  հասարակութեան մէջ ամէնէն շատ ճանաչում գտած հայերէն մին էր ան ու եղաւ նաեւ հայուն  հպարտութիւնը:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հայ եկեղեցւոյ նորագոյն շրջանի ամենափայլուն հոգեւոր առաջնորդներէն եղած է: Ան ժողովուրդի մարդ էր, ամէն մարդ կրնար անոր հասնիլ: Մեծ մարդ էր ան, բացառիկ հոգեւորական, կատարեալ մտաւորական, որ ունէր հսկայական գիտական պաշար: Ան եղած է աշխարհի շարք մը կրօնական ու գիտական միջազգային  հաստատութիւններու, միջեկեղեցական  կառոյցներու, համալսարաններու պատուոյ անդամ ու դոկտոր: Իր յօդուածները  հրատարակուած են միջազգային միջեկեղեցական պարբերաթերթերու մէջ :

Ան միջեկեղեցական  մեծ դէմք մըն էր. Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ եւ զանազան միջազգային կրօնական ժողովներու նախագահն էր:

Երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետը գրագէտ ու գրասէր էր, հայագիտական, աստուածաբանական, բարոյագիտական, փիլիսոփայական նիւթերու շուրջ գրուած շարք մը գիրքերու հեղինակն էր:

Հոգելոյս վեհափառը կերտեց նաեւ սերունդներ, անոր ձեռքին տակէն  դուրս եկան մարդիկ, որոնք այսօր հայ կեանքի մէջ կարեւոր դէմքեր դարձած են:

Կարճ եղաւ անոր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան շրջանը, հայաստանցի ժողովուրդը չկրցաւ ընկալել անոր արժանիքները  եւ չկրցաւ զայն ամբողջովին Ճանչնալ:

Ան 27 օգոստոս 1932 թուականին Նշան Սարգիսեան անունով, Քեսապ գիւղին  մէջ իր աչքերը լոյս աշխարհ բացաւ, 4 յուլիս 1999 թուականին մայր հայրենիքի սրտին` Ս. Էջմիածնին մէջ հողին յանձնուեցաւ իբրեւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս.

Ամենայն Հայոց հոգելոյս կաթողիկոսը, աւազանի  անունով` Նշան, իր ծննդավայր գիւղին մէջ նախակրթարանի ուսումը ստանալէ ետք, 1944-ին կ՛ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, 1952-ին կ՛աւարտէ դպրեվանքը եւ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով` Գարեգին աբեղայ: 1955-ին կը ստանայ վարդապետական աստիճան` պաշտպանելով «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը ըստ հայ շարականներուն» խորագրեալ  աւարտաճառը: Կը պաշտօնավարէ դպրեվանքին մէջ նախ իբրեւ ուսուցիչ եւ յետոյ իբրեւ տեսուչ, աւելի վերջ Անգլիոյ Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կը հետեւի աստուածաբանական բարձրագոյն ճիւղին, ուրկէ կը վկայուի ներկայացնելով` «Քաղկեդոնի ժողովը եւ հայ եկեղեցին» խորագիրով աւարտաճառը եւ կը վերադառնայ դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնին:

1963-ին կը բարձրանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանին: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 1963-ին, եւ արքեպիսկոպոս` 1973-ին:

1971-ին Գարեգին եպիսկոպոս կ՛ընտրուի առաջնորդ Իրանա-Հնդկաստանի թեմին: 1973-ին հայրապետական պատուիրակ կը նշանակուի  Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմին ու տարի մը ետք առաջնորդ կ՛ընտրուի,1977-ին կ՛ընտրուի աթոռակից կաթողիկոս  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, իսկ 1983-ին կը դառնայ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին, իսկ 1995-ին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:

Հոգելոյս վեհափառը հայ եկեղեցւոյ կեանքի եւ գործունէութեան ծիրին մէջ միջեկեղեցական շարժումի նախաձեռնողներէն մէկն էր, եղած է նաեւ գրագէտ կաթողիկոս: Անկախ իր ստորագրած հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն մեծ թիւով գրական, աստուածաբանական, եկեղեցագիտական յօդուածներէն, որոնք լոյս տեսած են այլազան  ամսագիրներու, պաշտօնաթերթերու, հանդէսներու մէջ, ունէր նաեւ հրատարակուած բազմաթիւ հատորներ:

Բազմագիտակ գիտնական հոգելոյս վեհափառը  շատ փայլուն հռետոր մըն էր, իմաստալից  ու դաստիարակիչ  քարոզներով  կ՛ոգեւորէր ու  կը խանդավառէր ժողովուրդը:

Հայ ժողովուրդը պիտի պահէ երանաշնորհ վեհափառ հայրապետին մեծաշուք անունը պանծալի, իսկ խնկելի ու քաղցր յիշատակն ալֆ անթառամ:

Բարձրեալն, բարին Աստուած, երջանկայիշատակ վեհափառ հօր հոգին հանգչեցնէ իր լուսեղէն խորաններուն մէջ եւ զայն ընդունի սուրբերու կարգին:

Կ՛աղօթենք Աստուծոյ, որ անոր տառապած ու յոգնաբեկ հոգին յաւերժութեան լոյսով լուսաւորուի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաստատ ու անսասան պահուի:

Վախճանեալ վեհափառ հայրը  իր մահէն կարճ ժամանակ առաջ, հիւանդ ու տկար վիճակով, իր հոգեւոր եղբայրներուն ուղղեալ գրի առած է հետեւեալ յուզիչ  տողերը.

«Սիրելի՛ միաբաններ,

Հոգեկան խորը յուզումով կը բաժնուիմ ձեզմէ, կը միանամ Աստուծոյ` յարուցեալ Տիրոջս: Փափաքս է, որ դուք երկար ժամանակ մնաք Աստուծոյ հետ, քաջ ըլլաք եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը սիրէք եւ անոր սուրբ, կրօնական եւ ազգային ծառայութիւնը շէն պահէք:

Անտանելիօրէն տկար եմ, դուք մնաք զօրաւոր:

Աղօթարար սիրով` Գարեգին Ա.
18 յունիս 1999.
Ս. Էջմիածին»:

Այս յուզիչ տողերու իմաստը ու նշանակութիւնը,  այսօր իսկ 21 տարի ետք, ալ աւելի  իմաստալից կը դառնայ եւ կը  շարունակէ մնալ իբրեւ առաքինի յորդոր:

21 տարի վերջ, այսօր իսկ հայ կեանքի մէջ կենդանի են անոր խնկելի յիշատակները ու պիտի շարունակէ նաեւ կենդանի մնալ:

Կը խոնարհիմ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի  քաղցր ու անմոռանալի յիշատակին առջեւ:

Գերմանիա, յունիս 2020

 

Նախորդը

Պէյրութի Վ. Թէքէեան Վարժարանը Ճակատագրական Հանգրուանի Առաջ

Յաջորդը

«Լա-Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.