Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ. «Կը Փափաքինք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Մասնակցին Ազգային Երկխօսութեան Հանդիպումին»

June 19, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին վարչապետ Տիապ մաղթեց, որ յառաջիկայ շաբաթ` Պէյրութի միջազգային օդակայանին բացումով, տնտեսական տագնապը կը նուազի` ընդգծելով, որ ամբողջ պետութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ Լիբանանի մէջ կեանքը վերսկսելու:

«Վարչապետ Տիապ նշեց նաեւ, որ պէտք է մշակել զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնող, ինչպէս նաեւ լիբանանեան շուկայի սակերը մնայուն կերպով քննող ծրագիրներ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովական կայունութիւնը պահպանել», շեշտեց Ապտել Սամատ:

Ան ըսաւ, որ վարչապետ Տիապ անդրադարձած է նաեւ Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք ազգային երկխօսութեան հանդիպումին` փափաք յայտնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը ընդառաջեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրին եւ մասնակցին այդ հանդիպումին` կարենալ պաշտպանելու համար երկրին հանդարտութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովելու երկրին շահերը:

Անդրադառնալով «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքին` կառավարութիւնը քննարկեց զայն, նաեւ` Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքներն ու անոր հանդէպ որդեգրուելիք կեցուածքը: «Մեզի համար Լիբանանի շահերը կը մնան կարեւոր, եւ այդ հիմամբ կը գործենք», հաստատեց Ապտել Սամատ:

Ան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա նիստին ընթացքին առաջարկած է տնտեսական առումով բացուիլ Արեւելքին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը համախոհութիւն յայտնեց բոլորին նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն վարելով ծառայելու երկրին շահերուն:

Նշենք, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ, որ «Սոնաթրաք» ալճերիական ընկերութեան հետ պայմանագիրը չնորոգուի, եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարին պարտականութիւն տուաւ նոր պայմանագրութիւն մը ճշդելու եւ նուազուրդ յայտարարելու:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի բանբերը յայտարարած է, թէ Լիբանանի կառավարութեան հետ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, սակայն անոնք բարդ են, եւ կարիք կայ ախտաճանաչումի ենթարկելու ելեւմտական վնասներուն աղբիւրն ու քանակը:

«Ըստ բանբերին, Լիբանան տարբեր մարզերու մէջ կարիք ունի ամբողջական ու արդար բարեկարգումի, եւ ատիկա կատարելու համար լիբանանեան համախոհութիւնը անհրաժեշտութիւն է», հաղորդեց «Ռոյթըրզ»:

Հարկ է աւելցնել, որ երէկ երեկոյեան խումբ մը տղաք հրկիզուող անիւներով փակեցին Ժունիէի մայրուղին` պահանջելով ազատ արձակել Միշել Շամունը:

Բողոքի այս ցոյցը սկսաւ Ժունիէի սերային դիմաց կատարուած նստացոյցով, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին Քֆարհպապի մէջ ձերբակալուած քաղաքացիական ընկերութեան գործիչ Շամունը:

Ժունիէի մայրուղիին վրայ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, բանակն ու ապահովութեան ուժերը կրցան վերաբանալ մայրուղին, որմէ շուրջ կէս ժամ ետք դատախազ Ղատա Աուն որոշեց ազատ արձակել Միշել Շամունը:

Նախորդը

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Երիտասարդական Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Ֆրենժիէ Հանդիպումներ Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.