Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւամորթներու Կեանքերը Կարեւոր Են Նաեւ Հո՛ս` Լիբանանի Մէջ

June 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

25 մայիսին Ճորճ Ֆլոյտի մահը, որ պատահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Մինեսոթա նահանգի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ, մեծ պոռթկում յառաջացուց ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, մանաւանդ շրջանակներուն մէջ սեւամորթներուն, որոնք տարիներ շարունակ ենթակայ եղած են պատմականօրէն կիրարկուած ցեղապաշտ եւ խտրական քաղաքականութիւններու:

Ֆլոյտի մահուան լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը շուտով միջազգայնօրէն փոխադրուեցան ընկերային ցանցերու աշխարհ, ապա աշխարհի զանազան մասերու մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր` գոյնի խտրականութեան դէմ եւ սեւամորթներու իրաւունքներուն հետ  համերաշխութեան:

Լիբանան անդամ է ՄԱԿ-ին, որուն Մարդու իրաւունքներու հռչակագիրին առաջին յօդուածը կ՛ըսէ, թէ` «բոլոր մարդիկ ծնած են ազատ ու հաւասար` իրենց արժանապատուութեամբ եւ իրաւունքներով», իսկ այդ հռչակագիրին չորրորդ յօդուածը կ՛ըսէ, թէ` «ոչ ոք պէտք է մնայ ստրկութեան կամ անազատ վիճակի մէջ. ստրկութիւնը եւ ստրկավաճառութիւնը` իրենց բոլոր տարատեսակներով, արգիլուած են», սակայն դժբախտաբար Լիբանանի մէջ գտնուող սեւամորթ բնակարանային աշխատաւորը ոչ արժանապատիւ ստրուկի կեանք կ՛ապրի` կախեալ ըլլալով իր տիրոջմէն` գործատուէն:

Տան աշխատանքային կեանքէն անդին, Լիբանանի մէջ բնակարանային աշխատաւորը ենթակայ կ՛ըլլայ ամէն տեսակի ցեղապաշտական բռնաճնշումներու եւ արհամարհանքի` իր մորթի գոյնին պատճառով:

Աւելի՛ն, բնակարանային աշխատաւորներուն` փողոցը բռնութեան ենթարկուիլը, նուազագոյն աշխատավարձէն նուազ աշխատավարձ ստանալը, բռնաճնշումի ենթարկուիլը եւ մինչեւ իսկ սպանութիւնը տարածուած երեւոյթներ են Լիբանանի մէջ:

Այլամերժ եւ ցեղապաշտ աշխարհահայեացք ունեցողը շատ լաւ պէտք է գիտակցի, որ մարդ արարածը բարեշրջութեան զանազան ժամանակաշրջաններու ընթացքին, երբ բարձրագոյն մարդակապիկի վիճակէն դէպի արդի մարդ արարած անցումը կատարեց, անոր գոյնը սեւ էր, ու այդ անցումը կատարուեցաւ Ափրիկէի մէջ: Հետագային նախամարդը այլ շրջաններ գաղթելով, բարեշրջումներու բերումով (ազդուելով կլիմայական հետեւանքներէ) նաեւ մորթի գոյնի փոփոխութիւն կրեց:

Ան (այլամերժ եւ ցեղապաշտ աշխարհահայեացք ունեցողը) շատ լաւ պէտք է գիտակցի, որ օտար աշխատաւորը բնաւ պարտաւոր չէ անարժանապատիւ պայմաններու մէջ (ցեղապաշտութեան ենթարկուիլ, բուն աշխատավարձէն նուազ ստանալ, բռնաճնշումի կամ բռնութեան ենթարկուիլ) իր ստրուկը դառնալու: Օտարը ստրկացնելը հազարաւոր տարիներ առաջ պատմականօրէն հաստատուած երեւոյթ մըն է եւ բնական չէ: Բնական չէ, որովհետեւ ստրկատիրութիւնը հաստատուեցաւ պղինձի դարուն (ՆՔ 3300-1200 թուականներուն), երբ նոր հաստատուեցան քաղաք-պետութիւնները եւ մէկը միւսին դէմ պատերազմելով, յաղթական թագաւորութիւններ պարտուած թագաւորութիւններու բնակիչներուն իգական սեռի պատկանողները ստրկութեան ենթարկեցին` հայրիշխանութիւն հաստատելով:  Անոնք այդ ստրուկներէն ոմանց բռնի ճնշումով դարձուցին պոռնկութեան շուկային մէջ աշխատողներ, այլոց ծախու հանեցին ստրկութեան շուկային մէջ, իսկ ուրիշներ ալ իբրեւ տան աշխատաւորներ պահեցին:

Բարեշրջումի գիտական փաստերը մերժողները կամ անտեսողները եւ ստրկութեան ու հայրիշխանութեան պատմական կառուցուածքի փաստերը մերժողները լուրջ հարց ունին այսօրուան գիտութեան ու փաստերու վրայ հիմնուած աշխարհին հետ:

Լիբանանի «Քաֆալա» համակարգը վերարտադրումն է հայրիշխանութեան ու ստրկամտութեան` բարեշրջումի գիտական փաստի անտեսման:

Լիբանանի մէջ ցեղապաշտութեան լուրջ հարց կայ` սեւամորթ բնակարանային աշխատաւորներուն դէմ:

Հարց մը, որուն մասին այլեւս պէտք է խօսուի, որովհետեւ անիկա կենաց մահու հարց է:

 

 

 

Նախորդը

«Յանցաւոր» Մայրեր

Յաջորդը

Բարձր Տեղը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.