Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տնտեսութեան Նախարարութեան Մէջ Հիւրընկալուած Չենք Զգար» Շեշտեց Շամմաս

June 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ այն իրողութեան որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ գործակցութեան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ տնտեսութեան մարզը բաղկացնող բոլոր տարրերուն, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս երէկ յայտնեց, որ ընկերային հեռաւորութիւնը առեւտրական մարզը կ՛ենթարկէ տնտեսական մեկուսացումի` աւելցնելով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը եղաւ հատու հարուած մը` տնտեսական մարզին մահկանացուն կնքող:

Շամմաս հաստատեց, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը մնայուն կերպով արգելակուած է, եւ Պէյրութի առեւտրականներու միութիւնը մնայուն տուժողն է այս կացութենէն:

«Մենք կը զօրակցինք ժողովրդային շարժումին նպատակներուն, անոնց զօրակցեցանք` բարձրաձայնելով իրենց արդարացի պահանջները, սակայն երբ ցուցարարները վաճառատուները կը քանդեն, ապա ժողովրդային շարժումը իր նպատակներէն կը շեղի», ըսաւ ան:

Շամմաս հաստատեց, որ իրենք ոգի ի բռին պիտի պաշտպանեն ազատականութեան վարչակարգը` նկատել տալով, որ երկրին մէջ առկայ է տնտեսութիւնը սպաննելու ալիք մը:

«Մենք երանի կու տանք ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն, որոնց աշխատանքը դիւրացնելու քայլեր կ՛որդեգրուին, մինչ մենք տնտեսութեան նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած չենք զգար», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ յայտնեց, որ խորհուրդին պատրաստուած միացեալ փաստաթուղթը կը միտի բոլոր մարզերը աշխուժացնել:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը այսօր Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ կը վարէ, «սակայն անիկա լուծման մէկ բաժինն է ու անբաւարար է», ըսաւ Արպիտ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Նախագահեց Ելեւմտական Հարցերու Յատուկ Նիստի Մը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.