Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Պիտի Վերաբացուի 1 Յուլիսին

June 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Հասաւ 1422-ի, Մահուան Պարագաներունը` 31-ի,
Իսկ Ապաքինածներունը` 853-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1422-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 20 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 13-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ն` Պէյրութ ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 31 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 853 ուրիշներ ապաքինած:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, վարչապետ Տիապի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Փեթրա Խուրի, արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն Ղատի Խուրի եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատախազ Մահմուտ Մաքքիէ:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը վերաբանալու 1 յուլիս 2020-ին, պայմանաւ որ օդակայանը իր աշխատանքի կարողութեան 10 առ հարիւրով գործէ միայն:

Որոշուեցաւ նաեւ, որ անձնական օդանաւային թռիչքները վերսկսին 24 յունիսին, իսկ մնացեալ թռիչքներուն պարագային Լիբանան ժամանող բոլոր  ճամբորդները պիտի ենթարկուին «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.» քննութեան, որուն արդիւնքը պիտի իմանան 24 ժամուան ընթացքին: Ճամբորդները 72 ժամ ետք դարձեալ «Փի. Սի. Ար.» քննութեան պէտք է ենթարկուին: Եթէ քննութեան արդիւնքը դրական ըլլայ, ապա ան առողջապահական մեկուսացումի մէջ պիտի մնայ եւ պիտի հետեւի առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն` մինչեւ խնդրոյ առարկային ապաքինումը:

Նախարարական յանձնախումբը որոշեց նաեւ, որ «Փի. Սի. Ար.» քննութեան ենթարկուած իւրաքանչիւր ճամբորդ դարձեալ պիտի ենթարկուի նոյն քննութեան` աւելցնելով, որ Պէյրութ ժամանող օտար քաղաքացիները պէտք է առողջապահական ապահովագրութիւն ունենան, որպէսզի կարենան հոգալ «Քորոնա»-է բուժուելու ծախսերը, եթէ պատահի, որ անոնք այդ ժահրով վարակուին:

Նախարարական յանձնախումբը ընդգծեց, որ այս ծառայութիւնը առկայ պիտի ըլլայ նաեւ Լիբանանի մէջ գործող ապահովագրութեան ընկերութիւններուն կողմէ:

Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ ոեւէ քաղաքացի իրաւունք ունի անմիջապէս եւ ուղղակի հիւանդանոց մուտք գործելու` որեւէ շտապ վիճակի պարագային, պայմանաւ որ ան աւելի ուշ նախարարութենէն հաւանութիւն ստանայ:

 

 

Նախորդը

Ժեմայէլ Զարմանք Կը Յայտնէ, Իսկ Աքըր Անոր Վերաբերումը Զրպարտութիւն Կ՛որակէ

Յաջորդը

Տնտեսական Վատթարացող Կացութեան Դէմ Բողոքի Արտայայտութիւնները Խուլիկանութիւններու Վերածուելով` Նոյն Թափով Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.