Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Տնտեսական Փլուզումը Ընթացքի Մէջ Է, Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ Եւ Ասիկա Շատ Վտանգաւոր Է»

June 12, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական փլուզումը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը կարելի չէ պահել, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ, «եւ ասիկա շատ վտանգաւոր է եւ պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն մեծ վնաս հասցուցած է», ըսաւ Հարիրի:

Ան նշեց, որ ներկայ կառավարութիւնը վարուած է այնպէս մը, որ ինք մասնագէտներու կառավարութիւն է եւ կուսակցութիւններէ զերծ, «այդ պատճառով ալ անոր 100 օրուան առիթ մը ընծայեցինք, որուն աւարտին կառավարութիւնը յայտարարեց, որ իր նպատակներուն 97 առ հարիւրը գործադրած է, սակայն մենք այդ իրագործումներէն ոչինչ տեսանք», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ վարչապետին իրաւասութիւնները արձանագրուած են երկրին սահմանադրութեան մէջ` աւելցնելով, որ կայ փոխվարչապետ մը, որ իր իրաւասութիւնները վարչապետարանէն կը կատարէ: «Կը մերժենք այն դրութիւնը, որ վարչապետարանին մէջ Պաապտայէն ներկայացուցիչ «նշանակուած» է, եւ եթէ այդ  է փափաքը, ապա վարչապետը պէտք է Պաապտայի մէջ ներկայացուցիչ նշանակէ», յայտնեց ան:

Ան նկատել տուաւ, որ իրենք հանգիստ էին, որ Սըլաաթայի ելեկտրակայանը ջնջուած է, սակայն զարմացած են, որ անիկա ծրագիրին մէջ ներառուած է` հարց տալով, թէ Միջազգային դրամատունը կամ Միջազգային դրամական ֆոնտը ինչպէ՞ս կ՛ընդունին, որ այդ հարցը տրամաբանական թուի:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ ելեկտրականացած մթնոլորտը տիրական է` աւելցնելով, որ ոմանք Լիբանանի մէջ արիւնահեղութիւն կ՛ուզեն:

«Լիբանան թիրախ է, մենք պէտք է կեդրոնանանք չափաւորականութեան եւ ազգային համերաշխութեան ու համակեցութեան վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կիրակի օրուան պատահարը վտանգաւոր վայրէջք էր:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ կան ամերիկեան, ռուսական, թրքական, իրանեան եւ այլոց տագնապները` ընդգծելով, որ Լիբանան ինքզինք այդ տագնապներէն զերծ պէտք է կացուցէ: «Իսկ եթէ կը փափաքինք միջազգային ընտանիքին հետ բանակցութիւններ վարել, ապա պէտք է յանձնառու եւ անկողմնակալ ըլլանք», նշեց ան:

Հարիրի ըսաւ, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ հեզասահ յարաբերութիւններ կան: «Նոյնիսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ փոխադարձ յարգանք կայ», շեշտեց Հարիրի:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1402-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը` 31-ի, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 843-ի

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Պէյրութի Եւ Պաապտայի Արդարութեան Պալատներուն Դիմաց Գործադրեց Բողոքի Ցոյցեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.