Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Բժիշկներու Խոշտանգումը Արգիլուած Է»

June 11, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Բժիշկներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին բժշկական մարզն ու անոր կարիքները, ինչպէս նաեւ բժիշկներուն դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները:

Պըրրի ընդգծեց, որ բժիշկներու խոշտանգումը արգիլուած է եւ անոնց դէմ վայրագութիւնն ու խափանարարական արարքները խիստ մերժելի են:

Պատուիրակութիւնը Պըրրիի առաջարկեց երկու օրինագիծեր, որոնք կը միտին պաշտպանել բժիշկներն ու ապահովել անոնց անձեռնմխելիութիւնը:

Պըրրի խոստացաւ զոյգ օրինագիծերը փոխանցել վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին, ապա` խորհրդարանի լիագումար նիստին, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք վաւերացնել:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց բժիշկներուն դէմ յարձակումներն ու խոշտանգումները:

Հանդիպումէն ետք Շարաֆ Ապու Շարաֆ հաստատեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը դրական էր:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Պըրրի ընդառաջած է սենտիքային պահանջին` յոյս յայտնելով, որ առաջարկուած օրինագիծերը օրէնքներու կը վերածուին:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ալաուի յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Եգիպտոսի կեցուածքը այն է, որ ան կը փափաքի կոտրել Լիբանանի մէջ սադրանք նախապատրաստող ձեռքերը, «որովհետեւ Եգիպտոսի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծ է: Արդարեւ, Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Արաբական աշխարհին եւ արաբական քաղաքացիական անվտանգութեան կայունութիւնն է», շեշտեց ան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ սեփական դպրոցներու եւ կաթողիկէ դպրոցներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան ազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ կրթական մարզին ու սեփական դպրոցներուն վերաբերող օրինագիծեր:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Համատ Հասանի Հետ Քննարկեց Առողջապահական Կացութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

RelatedPosts

Ուալց Իշխանութեան 3 Պետերուն Հետ  Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Յաջորդող Փուլը
Գլխաւոր լուրեր

Ուալց Իշխանութեան 3 Պետերուն Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Յաջորդող Փուլը

November 17, 2026
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին  Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է
Լիբանանեան

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է

November 17, 2026
Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը  Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է  Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»
Լիբանանեան

Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.