Պետական Մարզի Պաշտօնեաները Պիտի Վերադառնան Աշխատանքի,
Իսկ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը
Սկզբունքով Յուլիսի Սկիզբին Պիտի Բացուի
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1368-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 18 նոր վարակուածներ, որոնք բոլորը տեղացիներ են:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 30 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 795 ուրիշներ` ապաքինած:
Միւս կողմէ, «Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարը կը շարունակուի: Միշտ դիմակ կրելը, ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելը, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերու դրութեամբ եւ յատուկ օրերով երթեւեկելը տակաւին ի զօրու կը մնան:
Այս առումով սակայն արձանագրուեցան որոշ փոփոխութիւններ, երբ վարչապետ Հասսան Տիապ հրապարակեց թիւ 98/2020 հրամանագիրը, որուն հիման վրայ պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաները պիտի վերսկսին իրենց աշխատանքներուն:
Հրամանագիրը կոչ ուղղեց բոլոր պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն որդեգրելու այնպիսի նախազգուշութիւններ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ պաշտօնեաները պաշտպանել «Քորոնա» ժահրէն:
Հրամանագիրին համաձայն, Քննչական կեդրոնական մարմինը պիտի ստանձնէ այդ հրամանագիրին անմիջական գործադրութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ, Քննչական կեդրոնական մարմինը հաստատեց, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի պետական պաշտօնեաները զանց առած է ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերու դրութեամբ եւ յատուկ օրերով երթեւեկելու օրէնքէն:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց զբօսաշրջութեան մարզի յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ նոր թռիչքներ հաստատելու կարելիութիւնները կը սերտեն` աւելցնելով, որ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ այն երկիրներուն վրայ, որոնք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններ կը կատարեն:
«Մեզի համար կարեւոր է Լիբանանը վերադարձնել զբօսաշրջութեան քարտէսին` պահպանելով հանդերձ առողջապահական ապահովութեան եւ զբօսաշրջութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը», ըսաւ Տիապ:
Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբացումը սկզբունքով յուլիսի սկիզբին նախատեսուած է:



