Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայքըլ Ուայթի Ազատ Արձակման Համար Շնորհակալութիւն Յայտնելով Իրանին` «Թեհրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելը Կարելի Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

June 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին` ամերիկեան ծովուժի նախկին զինուոր Մայքըլ Ուայթը ազատ արձակելուն համար` նշելով, որ այդ քայլը ցոյց կու տայ, թէ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելը կարելի է:

«Շնորհակալութիւն Իրան, ասիկա ցոյց կու տայ, թէ համաձայնութիւն ձեռք բերելը կարելի է», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Թրամփ յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուայթի հետ, որ հինգշաբթի օր Իսլամական հանրապետութեան մէջ երկու տարի բանտարկուած մնալէ ետք օդանաւով հեռացած է Թեհրանէն:

Նշենք, որ Ամերիկան իր կարգին այս շաբաթ ազատ արձակեց իր մօտ արգելափակուած երկու իրանցիներ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները հինգշաբթի օր իրենց կարգին ազատ արձակած են իրանցի գիտնական Մաժիտ Թահերին: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թահերին «անհիմն պատճառներով» ձերբակալուելէ ետք ազատ արձակուած է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Դոկտ. Մաժիտ Թահերին եւ պարոն Ուայթը շուտով իրենց ընտանիքներուն պիտի միանան»:

«Այս փորձառութիւնը կարելի է կիրարկել բոլոր բանտարկեալներուն համար», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով.«Ամերիկեան բանտերուն մէջ կամ ամերիկեան խնդրանքով այլուր գտնուող իրանցի պատանդները պէտք է վերադառնան հայրենիք»:

Ուայթ հինգշաբթի օր իրանցի այլ գիտնականի մը` Սայրուս Ասքերիի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ազատ արձակուելէն ետք Զուիցերիոյ կողմէ ուղարկուած օդանաւով հեռացաւ Իրանէն: Ան իր արգելափակման շրջանին վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով եւ դարմանուած Իրանի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իրանեան իշխանութիւններուն Ուայթը ազատ արձակելու քայլը որակեց «շինիչ», սակայն կոչ ուղղեց` նաեւ ազատ արձակելու ծագումով իրանցի այլ ամերիկացիներ:

Իրանի մէջ տակաւին բանտարկուած կը մնան ծագումով իրանցի ամերիկացի գործարար Սիամաք Նամզին եւ անոր 80-ամեայ հայրը, ինչպէս նաեւ բնապահպան Մուրատ Թահպազը:

 

 

Նախորդը

«Զինեալ Ուժերուն Մէկ Մասը Տակաւին Ուաշինկթընի Շրջանին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Բանբերը

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վավերագիր

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.