Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Եւ Աւստրիոյ Մէջ Ցոյց` Ընդդէմ Ցեղապաշտութեան

June 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շուէտի Կառավարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ
Ցոյցերը Առցանց Կատարելու

Շուէտի մէջ հազարաւորներ «Քորոնա» ժահրին պատճառով հաստատուած արգելքները անտեսելով բողոքի ցոյց մը կատարեցին` զօրակցելով «Սեւամորթներու կեանքերը արժէք ունին» արշաւին, ինչ որ շուէտական կառավարութիւնը մղեց իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղելու, որ իրենց բողոքի ցոյցերը առցանց կատարեն:

Շուէտի ներքին գործոց նախարար Միքայիլ Տամպրժ յայտնեց, որ ցոյց կատարելը ժողովրդավարական իրաւունք է` նշելով, որ պէտք է յարգել առողջապահական պետական մարմինին ցուցմունքները: «Ցեղապաշտութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարել բոլոր փափաքողներուն կոչ կ՛ուղղեմ` դիմելու թուայնացած լրատուամիջոցներուն, այլապէս բազմաթիւ մարդիկ հիւանդանալու կամ մահանալու վտանգ պիտի դիմագրաւեն», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ քանի մը ժամ տեւողութեամբ ցոյց մը, որուն մասնակիցները բարձրացուցած էին «Սեւամորթներուն կեանքերը արժէք ունին» գրութեամբ պաստառներ` զօրակցելով քանի մը օր առաջ Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած ծագումով ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտին:

Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ մեծամասնութեամբ երիտասարդներէ բաղկացած հազարաւորներ ցեղապաշտութեան դէմ միջազգային զօրաշարժի եւ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան դատապարտման ծիրին մէջ կատարեցին ցոյց մը, որուն մասնակիցներէն շատեր ըսին, թէ ասիկա վերջին տարիներուն ընթացքին Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն մեծագոյնն է: Աւստրիական ոստիկանութիւնը եւս նշեց, որ մասնակցութիւնը մեծ էր, իսկ մասնակիցներուն թիւը շուրջ հինգ հազար էր:

Ցուցարարներ բարձրացուցած էին «Լուռ մնալը համամիտ ըլլալ է», «Սպիտակամորթներուն լռութիւնը սպիտակամորթներու բռնութիւն կը նշանակէ» եւ «Սեւամորթներուն կեանքերը արժէք ունին» գրութիւններով պաստառներ:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Աթէնքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մօտ բախումներ տեղի ունեցած են յունական ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ` ծագումով ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան պատճառով:

Բողոքի ցոյցին մասնակցած էին ձախակողմեան կազմակերպութիւններէ քանի մը հազար մարդ եւ քիւրտեր:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդիմադիր Երեք Երեսփոխաններ Զրկուած Են Անձեռնմխելիութենէ Եւ Ձերբակալուած

Յաջորդը

Էրտողան Մտադիր Է Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածել

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.