Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հասարակութիւնները Դէմ Յանդիման Գտնուեցան Լրաճարակի» «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Զեկուցեց Արամ Անանեան

June 3, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց հերթական լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, որուն մասնակցեցան Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէն «Ազդակ»-ի լսարանականներ:

«Հայկական տեղեկատուութիւնը. ներկայ իրավիճակ եւ հեռանկարներ» նիւթին մասին զեկուցեց «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեան: Ան նախ հաստատեց, որ ապագայագիտութիւնը չէր կրցած կանխատեսել ներկայ իրավիճակը, որ համաշխարհային տարողութիւն ստացաւ շատ արագ: Այս առումով համավարակին ստեղծած իրավիճակին ամէնէն շատ պատրաստ էր տեղեկատուական դաշտը, որ թէ՛ հեռավար աշխատակարգի եւ թէ՛ արհեստական բանականութեան օգտագործման մեթոտաբանութիւնը սկսած է օգտագործել:

«Արմէնփրես»-ի տնօրէնը խօսեցաւ համավարակին առընթեր այսօրուան լրաճարակային իրավիճակին եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն որդեգրած նոր աշխատելաձեւերուն մասին` տարբեր միջավայրերէ օրինակներ տալով տեղեկատուական ճարտարագիտութեան նորագոյն դրսեւորումներուն մասին:

Զեկուցման մէջ առանցքային բաժին ունէր հայկական տեղեկատուադաշտին համար հրամայական դարձած` այս բոլոր գործօններուն ընդառաջ արտադրողականութիւն ապահովելու, ընթերցող կամ սպառող զանգուածին հոգեբանական դիմադրողականութիւնը նկատի ունենալու եւ հաւաստիութիւնը պահելու առումներով: Արամ Անանեան բացատրեց բովանդակային, կառուցային եւ տնտեսական ուղղութիւնները զատորոշելու եւ այդ բոլորին մէջ լրագրողական մարդուժին առաջնահերթութիւն տալու գաղափարը:

Խօսելով լրատուամիջոցներուն արտակարգ դրութիւններու մէջ փորձառութիւն ամբարած ըլլալու հանգամանքներուն մասին` «Արմէնփրես»-ի տնօրէնը շեշտեց հայկական տեղեկատուական դաշտին մէջ ճանապարհ անցած համագործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը` կարեւոր նկատելով նաեւ նոր իրականութիւններուն դիմաց ճշգրիտ ռազմավարութեամբ վերափոխումներ կատարելով աննիւթական արժէքները, ընթերցողներու ընդառաջման բազմապատկումներն ու անոնց արձագանգումները խթանիչ տուեալ համարելը:

Զեկուցումին հետեւեցաւ մասնագիտական քննարկում` արծարծուած առանցքային նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն շուրջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Կարգ Մը Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Զինուորականներու Եւ Անձնաւորութիւններու Դերակատարութիւնը –Զ.

Յաջորդը

Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան Հետեւանքը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.