Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Նշեցին Մայիս 28-ն

May 30, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի եւ վարչական շրջաններու կոմիտէութիւններու անդամները Մայիս 28-ի առիթով այցելեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի եւ քաղաքական, ռազմական ու պետական գործիչ Գարեգին Նժդեհի յուշարձաններ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ այս օրը ո՛չ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար կարեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունի:

«Հակառակ անոր որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյութիւնը կարճ տեւեց` ընդամէնը 30 ամիս, բայց անոր դերը եւ նշանակութիւնը շրջադարձային եւ հայ ժողովուրդին համար», շեշտեց Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութիւն տեսած, իր հայրենիքին մեծագոյն մասը կորսնցուցած ժողովուրդը կրցաւ իր մէջ ուժ գտնել, կամք գտնել եւ 1918-ի մայիսին հիմնադրել Ա. Հանրապետութիւնը` մինչ այդ կասեցնելով թշնամիին գրոհը Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ:

Անդրադառնալով Դաշնակցութեան վաստակը ստուերող կարծրատիպերուն` Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց` վկայակոչելով Խորհրդային Միութեան մէջ 70 տարի շարունակ ստեղծուած ժապաւէնները, գրականութիւնը, կեղծ պատմութիւնը, որ տարիներ շարունակ փորձեց վարկաբեկել Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդի գլխաւոր քաղաքական ուժերէն մէկն էր:

«Այս ամէնը կը դիտուի այդ շրջագիծին մէջ: Իսկ անոնք, որոնք ծանօթ են հայ ժողովուրդի պատմութեան, լաւ գիտեն Դաշնակցութեան դերը եւ նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ: Հետեւաբար, նման անիմաստ բամբասանքները եւ խօսակցութիւնները լուրջ ընդունիլը եւ անոնց անդրադառնալը անիմաստ է», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

Ըստ անոր, մինչեւ օրս պատշաճ կերպով չեն գնահատած այն քաղաքական ուժը, այն քաղաքական, հասարակական գործիչները, որոնց շնորհիւ կերտուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Սաղաթէլեան շեշտեց, որ Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր նուիրեալները արժեւորելու կարիք կայ յատկապէս մեր օրերուն, երբ ամէն կողմէ Հայաստան կը ներմուծուին կեղծ եւ քայքայիչ արժէքներ ու ծրագիրներ:

«Մեր նորօրեայ սերունդին համար չափորոշիչ եւ ուղենիշ պէտք է ըլլայ այն արժեհամակարգը, որ կը կրէին Ա. Հանրապետութեան մեր նուիրեալները», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան` յիշեցնելով այն դժնդակ տարիները, երբ Մայիս 28-ն, այս փառաւոր տօնը մարդիկ գաղտնի կը նշէին, առանձին, նոյնիսկ յաճախ կեանքով հատուցելով ատոր համար:

«Ա. Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին 1937-ին Հրազդան գետի ափին մինակ նշած է Մայիս 28-ն, յիշած է իր ընկերները, անցած փառաւոր ուղին եւ արտասուած: Յիշենք նաեւ, որ անկէ երկու ամիս ետք ան ձերբակալուեցաւ, դատապարտուեցաւ գնդակահարութեան եւ մահացաւ բանտին մէջ: Այսինքն` անկախութեան գաղափարի կրողները կեանքով հատուցած են այն արժէքներուն համար, որոնց շնորհիւ կերտուեցաւ Առաջին, իսկ անոր հենքին վրայ ալ` մերօրեայ հանրապետութիւնը», եզրափակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Առաջին Հանրապետութեան Փորձը, Ձեռքբերումները Եւ Ձախողութիւնները Մեզի Դասեր Կու Տան»

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Մայիս 28-ի Առիթով

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.