Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Առաջին Հանրապետութեան Փորձը, Ձեռքբերումները Եւ Ձախողութիւնները Մեզի Դասեր Կու Տան»

Մայիս 30, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական հետեւեալ ուղերձը յղեց Հանրապետութեան տօնին առիթով:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր կը նշենք Հանրապետութեան տօնը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձը:

Հայոց պետականութիւնը վերականգնեցաւ միջազգային բարդագոյն իրադրութեան պայմաններուն մէջ, երբ դեռ կը մոլեգնէր Համաշխարհային Ա. պատերազմը, որուն ամէնէն արիւնալի ճակատներէն մէկը դարձած էր բուն Հայաստանը` իր Արեւմտեան եւ Արեւելեան մասերով:

Պատերազմի քողին տակ Օսմանեան Թուրքիան արդէն տեղահանած եւ կոտորած էր միլիոնաւոր հայեր եւ վտանգի տակ դրած հայ ժողովուրդի բուն գոյութիւնը:

Այս օրհասական պայմաններուն մէջ, թուրք նուաճողներու դէմ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերէն ետք, 1918-ի մայիս 28-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը:

Առաջին Հանրապետութեան պատմական նշանակութիւնը անգնահատելի է:

Կիլիկեան Հայոց թագաւորութեան անկումէն աւելի քան 500 տարի անց վերականգնուեցաւ հայոց պետականութիւնը: Ատիկա սերունդներու երազանքն էր եւ ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարի արդիւնքը:

Երկրին մէջ ստեղծուեցաւ բազմակուսակցական ժողովրդավարական կառավարման համակարգ, հաստատուեցան քաղաքացիական ազատութիւններ, հաւասար ընտրական իրաւունքներ, ներառեալ` կիներու:

Սկիզբ դրուեցաւ պետական շինարարութեան, զարկ տրուեցաւ լուսաւորութեան, գիտութեան ու կրթութեան:

Ամէն կողմէ հայրենիք շտապեցին կարող ուժեր` իրենց ծառայութիւնը մատուցելու նորանկախ պետութեան:

Հայաստանը դարձաւ միջազգային գործօն, հաստատուեցան արտաքին կապեր, շարք մը երկիրներու մէջ նշանակուեցան Հայաստանի դեսպաններ եւ ներկայացուցիչներ:

Անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծման նպատակը, որ 1919-ի մայիս 28-ին արձանագրուեցաւ նաեւ խորհրդարանի որոշման տեսքով, խտացումն էր ազգային դարաւոր պայքարի եւ գաղափարախօսութեան, ինչպէս նաեւ կը բխէր ժամանակի աշխարհաքաղաքականութենէն, որուն արդիւնքը եղաւ 1920-ի օգոստոս 10-ի Սեւրի պայմանագիրը:

Առաջին Հանրապետութեան փորձը, ձեռքբերումները եւ ձախողումները մեզի դասեր կու տան: Մեծագոյն դասը սեփական ուժերու վրայ յենիլն է, իսկ այդ ուժը գոյացնելու համար` ազգային գերագոյն նպատակ ձեւաւորելը եւ ատոր շուրջը համախմբուիլը:

Մեր ժողովուրդի ապահով, անվտանգ ու բարեկեցիկ ապագայի երաշխիքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի` իբրեւ հայութեան համար աշխարհաքաղաքական ելակեդրոնի գաղափարախօսութեան իրագործումը:

Երկար դարեր մեզի միաւորած եւ ուղեկցած է միասնական հայրենիքի գաղափարը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Ան մեր ազգային մեծ ուխտն է, մեր քաղաքական եւ պատմական ժառանգութիւնը:

Մեր օրերուն ան կը դրսեւորուի Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան տեսքով: Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ եւ արդարացի լուծման եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր հետեւանքներու վերացման հարցերը կը տեղաւորուին նոյն այդ հասկացութեան մէջ:

Մարդկութեան պատմական փորձը մեզի կ՛ուսուցանէ գործնական քաղաքականութիւնը վարել ըստ այդ պահուն առկայ պայմաններու եւ հնարաւորութիւններու, սակայն ազգային գերագոյն նպատակը շարժիչ ուժն է ազգի յառաջընթացի եւ յաջողութեան:

100 տարի առաջ այդ նպատակը միտքին եւ զէնքը ձեռքին մեր նախնիները անձնուէր կը պայքարէին Հայաստանի փրկութեան եւ անկախութեան համար:

1991-ի անկախութենէն ետք Հայաստանը աշխարհի մէջ վերագտած է իր ուրոյն տեղը: Ներկայ եւ յաջորդ սերունդներու պարտքը կերտած է կայուն, զարգացած եւ միասնական հայրենիք, որ իր հովանիին տակ կ՛առնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Կեցցէ՛ Մայիս 28-ը` Հայոց պետականութեան վերականգնման օրը:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Կեցցէ՛ համայն հայ ժողովուրդը:

Փա՛ռք յանուն հայրենիքի բոլոր նահատակներուն:

Աստուած պահապան բոլորիս»:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Հաւատարիմ Ենք Սարդարապատի Եւ Արցախի Յաղթական Աւանդներուն Եւ Պատգամներուն»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Նշեցին Մայիս 28-ն

RelatedPosts

Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական  Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

Նոյեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական  Միութեան 35-Ամեակի Նշում
Հայկական

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան 35-Ամեակի Նշում

Նոյեմբեր 17, 2025
Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական  Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն  Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?