Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔՐՏԱԿԱՆ ԵՒ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ ՕՊԱՄԱՅԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ` ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ

January 12, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական, քրտական եւ յունական համայնքներու ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին յղած են նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձած են 28 դեկտեմբեր 2011-ին թուրք-իրաքեան սահմանին վրայ տեղի ունեցած այն միջադէպին, որուն ընթացքին թրքական օդուժը 35 քիւրտ քաղաքայիններ սպաննած էր: Անգարա աւելի ուշ յայտարարած էր, որ տեղի ունեցածը թիւրիմացութիւն էր, թուրք զինուորները կարծելով, որ սահմանին մօտ հաւաքուածները ահաբեկիչներ են, կրակ բացած են անոնց վրայ:

Վերոնշեալ նամակի հեղինակները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն պահանջած են հետաքննութիւն կատարել եւ պարզաբանել, թէ արդեօք թրքական բանակը այդ յարձակումին ժամանակ ամերիկեան արտադրութեամբ զինամթերք օգտագործելով խախտա՞ծ է Միացեալ Նահանգներու զէնք-զինամթերքի վաճառքն ու օգտագործումը կարգաւորելու մասին օրէնքները, որոնք կ՛արգիլեն խաղաղ բնակիչներու դէմ օգտագործել մատակարարուած ամերիկեան զինամթերքը:

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի` արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Փենթակոնի վերահսկողութիւնը կատարող յանձնախումբի ղեկավարներուն ուղղուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի, Ամերիկա-քրտական տեղեկատուական ցանցի, Միացեալ Նահանգներու Հելլենիստական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն` Օպամայի վարչակազմէն պահանջելու հետաքննութիւն կատարել Միացեալ Նահանգներու արտահանման մասին օրէնքի հաւանական խախտումներու առնչութեամբ:

Միացեալ նամակին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ ամերիկեան «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, բրիտանական «Տի Էքոնոմիսթ», ամերիկեան «Պոսթոն Կլոպ» օրաթերթերը, «Ռատիօ Ֆրի Եուրոփ» ձայնասփիւռի կայանն ու այլ լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ յարձակումը կատարուած է ամերիկեան արտադրութիւն եղող «Էֆ-16» ռմբաձիգներով:

«Հաշուի առնելով ամերիկեան զինամթերքի հաւանական օգտագործման մասին այդ հրապարակումները, յարձակումի այդ մասնաւոր դէպքին հետեւանքով մարդկային հսկայական կորուստները եւ զինանոցը քաղաքային անձերու դէմ օգտագործելու Թուրքիոյ փորձը, մենք կոչ կ՛ուղղենք վարչակազմէն խնդրել` հետաքննելու այդ գործը», ըսուած է նամակին մէջ:

 

Նախորդը

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿԵԼ ՄԻԱՅՆ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱՆԵՐՎԱ

Յաջորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ 23 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.