Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Չեխիոյ Ծերակոյտի Բանաձեւը Աւանդ Է Պատմական Արդարութեան Վերականգնման Գործին Մէջ

May 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած բանաձեւով Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը` դիտել տալով, որ այդ որոշումը ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու ու մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգելման առումով:

Հայաստանի Ազգային ժողովը եւս յայտարարութեամբ մը իր երախտագիտութեան խօսքը յղեց Չեխիոյ խորհրդարանին` Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ.

«Բանաձեւի հեղինակ, Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլան Շտյեխը տակաւին 6 մայիս 2019-ին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին շեշտած էր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունումը իրենց օրակարգին վրայ է:

«Ես վստահ եմ` այն, ինչ որ տեղի ունեցած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն է», իր խօսքին մէջ նշած էր Միլան Շտյեխը` վստահեցնելով, որ ջանքեր պիտի գործադրէ` այդ փաստը Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ եւս ընդունել տալու ուղղութեամբ:

«Հոկտեմբեր 2019-ին ալ Չեխիա կատարած այցելութեան ժամանակ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստան-Չեխիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար Գայեանէ Աբրահամեանը եւս Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտին կողմէ  Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման հարցը բարձրացուցած էր: Հիմնական քննարկումը կը ծաւալէր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը Ծերակոյտին կողմէ ընդունելու հարցին շուրջ եւ Ծերակոյտի փոխնախագահները յայտնած էին, որ պիտի նախաձեռնեն յառաջիկայ տարուան ընթացքին Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման:

«Հակառակ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ քաղաքական ու տնտեսական հսկայական ճնշումներուն, արդարութեան վերականգնման, Ցեղասպանութեան դատապարտման պատմական իրադարձութիւնը իրողութիւն է:

«Բանաձեւի ընդունումը դիւանագիտական խողովակներու ճիշդ կիրարկման, ներկայ եւ նախկին դեսպաններու ամէնօրեայ եւ հետեւողական նուիրեալ աշխատանքի եւ խորհրդարանական բոլոր հարթակներուն վրայ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններու արդիւնքն է:

«Հայ ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բանաձեւի հեղինակ, Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտի նախագահի տեղակալ Միլան Շտյեխին, Հայոց ցեղասպանութեան հարցի բարձրաձայնման եւ դատապարտման նուիրեալ, Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտի նախագահի առաջին տեղակալ Միլուշէ Հորսկային, բոլոր պատգամաւորներուն եւ չեխ ժողովուրդին»:

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Չեխիոյ Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. « Շատ Կարեւոր Կը Նկատեմ Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւններու Միջեւ Արդիւնաւէտ Համագործակցութիւնը»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.