Անգլիական մարզական մամուլը կը յայտնէ ըսելով, որ Լոնտոն պատրաստ է հիւրընկալել «Euro-2020»-ի մրցումները, որոնք պիտի կայանան յառաջիկայ տարի:
Նախապէս, մամուլին կողմէ հրապարակուած լուրերը յայտնեցին, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Լոնտոն յառաջիկայ տարի չի կրնար հիւրընկալել Եւրոպայի յոբելեանական ախոյեանութեան խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող, ինչպէս նաեւ աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Բայց կազմակերպիչները վստահեցուցին, որ Անգլիոյ մայրաքաղաքը պիտի ընդունի կարգ մը մրցումներու իր դաշտին վրայ կայացումը:
Վերջերս «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարած էր ըսելով, որ Եւրոպայի յոբելեանական ախոյեանութիւնը կ՛ուզէ կայացնել 12 քաղաքներու մէջ, անկախ այն մէկէն, որ անիկա մէկ տարիով յետաձգուեցաւ:
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան 60-ամեակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 12 քաղաքներու մէջ, յառաջիկայ տարի 11 յունիսէն՝ 11 յուլիս:



