Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մէջ Ամերիկեան Ներկայացուցչութիւն.«Իրան Կը Շարունակէ Եմէնի, Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Մէջ Իր Գործակատարները Զինել»

May 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իրան 22 ապրիլին արբանեակ մը ծիր արձակելով կը խախտէ (Ապահովութեան խորհուրդի) թիւ 2231 որոշումը»:

«Իրանի կողմէ զէնքերու արգիլման որոշումը խախտել շարունակելը Ապահովութեան խորհուրդէն աւելի մեծ ջանք կը պահանջէ, եւ մեր դաշնակիցներուն հետ անդուլ կերպով աշխատանք պիտի տարուի Իրանի զէնքի մատակարարման արգիլումը երկարաձգելու», նշեց ներկայացուցչութիւնը:

«Շաբաթներ առաջ հուսիները Սէուտական Արաբիոյ վրայ յարձակումներու ընթացքին օգտագործեցին իրանեան ճարտարագիտութիւն: Իրան կը շարունակէ Եմէնի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ իր գործակատարներուն զէնք մատակարարել», յայտնեց ամերիկեան ներկայացուցչութիւնը:

«Յեղափոխական պահակագունդին Իրանի տիեզերական ծրագիրին հսկելը կը հերքէ անոր խաղաղ բնոյթի ըլլալը: Յեղափոխական պահակագունդը շրջանին մէջ հազարաւորներու մահուան պատասխանատու ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է», աւելցուց ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցչութիւնը:

Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք իր կարգին սպառնաց Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները վերստին ուժի մէջ պահել, եթէ Ապահովութեան խորհուրդը չ՛երկարաձգէ Թեհրանի զէնքի մատակարարումը արգիլող որոշումը, որուն ժամկէտը կ՛աւարտի հոկտեմբերին:

Ամերիկացի պատուիրակը յայտնեց, որ իր երկիրը Բրիտանիան, Ֆրանսան ու Գերմանիան տեղեակ պահած է իր ծրագիրներէն:

«Միացեալ Նահանգներ պատրաստեցին Ապահովութեան խորհուրդի նախագիծ մը եւ պիտի շարունակեն դիւանագիտական աշխատանքն ու աջակցութեան ապահովում կը կատարեն», նշեց Հուք:

Նախորդը

«Քորոնա»-ն Ո՛չ Միայն Մարդոց Ֆիզիքական Առողջութիւնը Կը Հարուածէ, Այլ Նաեւ Ժխտական Անդրադարձ Կ՛ունենայ Անոնց Հոգեկան Կացութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Կութիերես

Յաջորդը

Թրամփ. «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Տարածումը Ցոյց Տուաւ, Թէ Համաշխարհայնացումի Ժամանակաշրջանը Աւարտած Է»

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.