Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը Հիմնուած Է Փոխզիջման Սկզբունքին Վրայ»

May 14, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան առցանց տեղի ունեցած ԱՊՀ նախարարական համաժողովի նիստին բացումը կատարելով` յայտնեց, որ Ղարաբաղեան  տագնապին լուծումը հիմնուած է փոխզիջման սկզբունքին վրայ: «Ատիկա կը նշանակէ նաեւ կողմերէն ոեւէ մէկուն առաւելապաշտական դիրքերու մերժում եւ համադրում այն պարտաւորութիւններուն, զորս կողմերը կը ստանձնեն հաւասարակշռուած ամուր փոխզիջման համար»: Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան աւելցուց, որ այդ մօտեցումով ալ պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման հասնելու մտադրութեամբ աշխատանքը համապատասխան շրջանակներու մէջ:

«Ես մտադիր չեմ երկար խօսիլ այս նիւթին մասին, մենք կը շարունակենք աշխուժօրէն աշխատիլ այդ ձեւաչափով: Խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի, մենք նպատակ ունինք շարունակել գործնական աշխատանքը, երկու տարի շարունակ իրականացուցած ենք այդ գործնական աշխատանքը եւ մտադիր ենք հետագային եւս նոյնը ընել: Ուժի կիրարկումը եւ սպառնալիքները մերժելի են»:

Իր խօսքին մէջ նախարարը հաստատեց, որ նիստին համաձայնեցուած հարցերուն շուրջ Հայաստան առարկութիւն չունի եւ պատրաստ է աջակցելու անոնց: Նախարարը դիտել տուաւ, որ առաջարկուած հարցերու ցանկը, տեսականօրէն, կարելի է բաժնել երկու խումբի:

Առաջին խումբին կը պատկանին այն հարցերը, որոնց վրայ նուազ ազդեցութիւն ունի «Քորոնա» ժահրի պատճառով ստեղծուած վիճակը, որոնց կարգին է, օրինակ, «Մշակութային մայրաքաղաքը» հետաքրքրական նախագիծը, որուն իրագործման իրաւունքը 2022-ին պիտի փոխանցուի ղրղզական Քարաքոլ քաղաքին: Այդ շարքին են նաեւ այն համաձայնագիրներու նախագիծերը, որոնք շահագրգիռ պետութիւններու ձեւաչափով պիտի կարգաւորեն պաշտպանական նախարարութիւններու փոխգործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ:

Օրակարգի հարցերու երկրորդ խումբին մէջ Մնացականեան նկատի ունեցաւ այն հարցերը, որոնց լուծման համար ակնյայտօրէն ստիպուած են նկատի առնել համավարակի գործօնը: Անոնց կարգին են միջազգային երիտասարդական համագործակցութեան, մարմնակրթութիւնը, զբօսաշրջութեան, ցանցային համալսարանի եւ մշակոյթի մարզին մէջ համագործակցութեան հիմնական ձեռնարկներուն վերաբերող համագործակցային ռազմավարութիւնները:

Այս բարդ շրջանին ան կարեւոր նկատեց պետութիւններու համաձայնեցուած գործողութիւնները, նաեւ` «Քորոնա» համաճարակի կանխարգիլման միջոցառումներու համակարգման մէջ:

Նախորդը

Գերագոյն Մարմինի Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբեր Կը Դատապարտեն Լանզարոտի Համաձայնագիրի Վաւերացումը

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Կրակ Բացաւ Տաւուշի Բերքաբեր Գիւղին Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.