Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Հրապարակման Մէջ Յարգանքի Տուրք Չի Մատուցուիր Ցեղասպանութեան 1,5 Միլիոն Անմեղ Զոհերուն

May 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը բաց նամակ ուղղած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Անտրիա Վիքթորինին` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հրապարակումին վերաբերեալ:

Նամակը ուղարկուած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի կողմէ եւ անոր մէջ նշուած է:

«Յարգելի՛ տիկին դեսպան,

Ձեզի կը գրեմ իբրեւ համաեւրոպական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի` հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու գլխաւոր հատուած մը: Անոնցմէ շատերը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներ են:

24 ապրիլ 2020-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրուան առիթով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ կատարեց հրապարակում, որուն մէջ, ի տարբերութիւն 2019, 2018, 2017, 2016 թուականներուն, խուսափած էր «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ` փոխարէնը ոչ միանշանակօրէն յիշատակելով «ողբերգական իրադարձութիւններ»  արտայայտութիւնը:

Հրապարակման նպատակը թերեւս Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելն էր: Սակայն, որպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդներ, ես եւ մեր կազմակերպութեան բազմաթիւ անդամներ ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան այս հրապարակումը յաւուր պատշաճի յարգանքի տուրք չի մատուցեր Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն: Ցաւօք, ձեւակերպումը ճշգրտօրէն չ՛արտացոլացներ այն, ինչ որ Օսմանեան կայսութեան հայերը ապրած եւ անցուցած են: Աւելի՛ն, անիկա վտանգաւոր աստիճանի անորոշ եւ մոլորեցնող ստորադասում է: Հայոց ցեղասպանութեան անկեղծ եւ ընդունելի յիշատակումը կը պահանջէ ճշմարտութեան ընդունում եւ բարձրաձայնում:

Ինչպէս գիտէք, 2015-ին Եւրոպական խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունեց բանաձեւ, որով ամրապնդեց 1987-ի իր դիրքորոշումը, եւ որով կրկին պաշտօնապէս ճանչցաւ, դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` առերեսուելու իր անցեալին հետ: 9 դեկտեմբեր 2019-ին` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը, Արտաքին գործողութեան Եւրոպական ծառայութիւնը եւս յիշատակեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Որպէս Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ` հաւատացած ենք, որ Եւրոպական Միութեան գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկը մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան պահպանման յանձնառութիւնն է: Ուստի, մենք լիայոյս ենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը վկայակոչելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կ՛օգտագործէ  կատարուածի իրական տարողութիւնը արտացոլող եզր»:

 

 

Նախորդը

Երեւանի Քաղաքապետարանը Դէմ Է Արամ Մանուկեանի Կենսագրական Տուեալներով Ցուցանակի Տեղադրման

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Այսօրուան Իշխանութիւնները Յստակ Ռազմավարութիւն Չունին Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Մասին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.