Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Առանց Նախապայմաններու Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակում Կատարելու

May 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ առանց նախապայմաններու բանտարկեալներու փոխանակում եւ այդ առնչութեամբ բանակցութիւն կատարելու, «սակայն Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն պատասխանել»:

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց. «Տեղեկութիւններ ունինք, թէ Իրանի քաղաքացիներ ամերիկեան բանտերու մէջ վատ վիճակի մէջ են»:

Ան ամերիկեան կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց իր բանտերուն մէջ անոնց կեանքերուն համար:

«Միացեալ Նահանգներ տեղեակ են Իրանի` բանտարկեալներու շուրջ բանակցելու պատրաստութենէն, եւ ատոր համար միջնորդութեան կարիքը չկայ», աւելցուց Ռապիհի:

«Ամերիկեան կողմի համաձայն գտնուելուն պարագային, Միացեալ Նահանգներու մէջ իրանեան շահերու պաշտպանութեան գրասենեակը մեր նկատողութիւնները պիտի ներկայացնէ անոնց», նշեց իրանեան կառավարութեան բանբերը:

Նշենք, որ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանտարկեալներու փոխանակում տեղի ունեցած էր, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ առիթով շնորհակալութիւն յայտնած էր Իրանին` իրանցի կենսաբան Մասուտ Սլէյմանիի եւ ամերիկացի բանտարկեալ Շի Եու Ուանիկի փոխանակման համար «շատ արդար բանակցութիւններ» կատարելուն համար:

Ամերիկացին 2016 թուականէն ի վեր Իրանի մէջ բանտարկուած էր լրտեսութեան ամբաստանութեամբ, իսկ իրանցի գիտնականը 2018-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալուած էր «ապօրինի կերպով քիմիական նիւթ փոխադրել փորձելու» ամբաստանութեամբ:

 

Նախորդը

Վենեզուելա Քոլոմպիական Երեք Զինուորական Նաւակներ Գրաւած Է

Յաջորդը

Երկարատեւ Դադարէ Ետք Ուհանի Մէջ Վարակման Նոր Դէպք Թրամփի Կարծիքով` «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Անհետանայ Առանց Պատուաստանիւթի

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.